00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
09:30
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:35
24 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
10:06
54 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:00
46 ր
Կարեն Իգիթյան
Ադրբեջանը շարունակելու է իր զավթողական քաղաքականությունը․Իգիթյան
09:48
2 ր
Գարիկ Միսակյան
Իսրայելն ու Իրանը ցուց տվեցին, որ ազգային շահերը միջազգային իրավունքից բարձր են դասում. Գարիկ Միսակյան
09:51
5 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
10:00
0 ր
Ուղիղ եթեր
Մամուլի տեսություն
10:26
17 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
12:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Исторический ликбез
Первая биография Ивана IV. Кто и для кого ее писал?
15:04
24 ր
Исторический ликбез
Тиран или помазанник божий? Кем был Иван Грозный?
15:33
24 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

«Ֆանտաստիկ երկիր է». Ինչո՞ւ իտալացին կը ցանկայ որդին մեծցնել Հայաստանի մէջ

© provided by Federico TarabellaФедерико Тарабелла с супругой и сыном
Федерико Тарабелла с супругой и сыном - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Մինչ շատ հայեր կ’երազեն Իտալիա ապրելու մասին, չքնաղ Թոսքանայի բնակիչը մօտ 10 տարի առաջ եկած է Երեւան եւ այլեւս չէ կրցած հեռանալ այս հնագոյն քաղաքէն: Իտալացին Sputnik Արմենիայի հետ հարցազրոյցին կը բացայայտէ, թէ ինչու չի կրնար հեռանալ Հայաստանէն:

Լիլիթ Յարութիւնեան, Sputnik Արմենիա

Իտալացի Ֆետերիքօ Թարապելլան ծնունդով Մասա Մարիտիմա քաղաքէն է, որ կ’անուանեն Perla della Maremma, այսինքն` «Մարեմի մարգարիտ»: Այս քաղաքի գեղեցկութեամբ անվերջ կարելի է հիանալ: Սակայն Ֆետերիքոն իր երջանկութիւնը գտած է Երեւանի մէջ եւ չի պատրաստուիր հեռանալ այստեղէն: Իտալացին Sputnik Արմենիայի հետ հարցազրոյցին ըսաւ, թէ ինչը  ամէնէն շատ կը գնահատէ Հայաստանի մէջ եւ ինչպէս  այս երկիրը զինք վերադարձուցած է անցեալի գիրկը:

– Ֆետերիքօ, դուք Հայաստան  տեղափոխուած էք Իտալիայէն: Ի՞նչ է այդ որոշման  պատճառը:

Церковь Св. Киракоса - Sputnik Արմենիա
Կը մեկնարկեն Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները

– Ես Հայաստան  տեղափոխուած եմ 2010–ի յունիսին, այդ ժամանակ 27 տարեկան էի: Աւստրալիայէն նոր վերադարձած էի, ուր կը գտնուէի «Work and travel» («Աշխատիր եւ ճանապարհորդիր») ծրագիրով: Անսպասելիօրէն Հայաստանի մէջ աշխատելու հրաւէր ստացայ  իտալական ընկերութենէ մը...

Յաջող անցայ հարցազրոյցը եւ  քանի մը օր անց արդէն իրերս կը հաւաքէի, որպէսզի թռչիմ Երեւան: Իտալիոյ մէջ ընկերներս ցնցուած էին, բայց ինծի համար շատ հետաքրքիր էր նոր երկիր եւ նոր մշակոյթ բացայայտելը: Աշխատանքի հրաւէրը նոյնպէս բաւական հետաքրքիր էր: Այսպիսով, առանց երկար մտածելու ես տեղափոխուեցայ այստեղ (կը ժպտի):

– Այդ ժամանակ ի՞նչ գիտէիք Հայաստանի մասին:

– Միայն այն, որ Հայաստան նախկին խորհրդային հանրապետութիւն է: Եւ 1915–ի Հայոց ցեղասպանութեան մասին, գիտէի, որ Հայաստան աշխարհի մէջ առաջին քրիստոնէական երկիրն է եւ, ի հարկէ, իմ սիրելի «System Of A Down» խումբի հետ կապը: Բայց ես նոյնիսկ չէի գիտեր, թէ ուր կը գտնուի այս երկիրը:

– Ինչ՞ կ’աշխատէիք Իտալիոյ մէջ:

– Աշխատած եմ տարբեր ոլորտներու մէջ` առեւտուր, շինարարութիւն, առողջութիւն եւ անվտանգութիւն: Համալսարանի մէջ ուսումնասիրած եմ հասարակական գիտութիւններ: Մինչեւ Երեւան տեղափոխուիլս աշխատած եմ Աւստրալիոյ գինեգործական ընկերութեան մէջ:

– Ձեր ընկերոջ հետ միասին (ի դէպ, նոյնպէս իտալացի) այստեղ հիմնած էք շատ իտալական անուանումով ընկերութիւն մը` LeoVinci, որ կը զբաղի շինարարութեամբ եւ ներքին ձեւաւորումով: Հե՞շտ է արդեօք Հայաստանի մէջ գործ վարելը: Ինչպիսի՞ բարդութիւններու  բախուած էք:

© provided by Federico TarabellaՖետերիքոն կնոջ հետ
«Ֆանտաստիկ երկիր է». Ինչո՞ւ  իտալացին կը ցանկայ որդին մեծցնել Հայաստանի մէջ - Sputnik Արմենիա
Ֆետերիքոն կնոջ հետ

– Մենք լաւ գիտէինք շուկան, քանի որ երկուքս ալ երկար ժամանակ կ’ապրինք եւ կ’աշխատինք այստեղ, ինչպէս նաեւ գիտենք մարդոց, որոնց կարելի է վստահիլ եւ անոնց հետ համագործակցիլ: Հետեւաբար յաջողեցանք շատ ուժեղ խումբ մը հաւաքել:

Բիւրոկրատական տեսանկիւնէն ամէն ինչ բաւական պարզ էր: Հեշտ չէր նուաճիլ յաճախորդներու վստահութիւնը, որոնցմէ շատերը բաւական վախցած էին, հնարաւոր է` նախկին հիասթափութիւններու պատճառով: Բայց մենք յամառօրէն կ’աշխատինք մեր տրամադրած ծառայութիւններու որակին վրայ եւ հսկայական ուշադրութիւն կը դարձնենք մանրուքներուն, ինչը, ի դէպ, կը տարբերէ մեզ` իտալացիներուս: Տէ իսկ գոհ յաճախորդը նոր յաճախորդներ կը բերէ, իսկ մենք ամէն ինչ կ’ընենք անոնց սպասումներն արդարացնելու համար:

– «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք ի՞նչ փոխուած է գործարարութեան ոլորտին մէջ: Ին՞չ խորհուրդ կու տայիք երիտասարդ սկսնակ գործարարներուն:

– Մենք գործարարութիւն հիմնած ենք յեղափոխութենէն յետոյ:Ատիկա ըրած ենք վստահ ըլլալով, որ աշխատիլ ցանկացող մարդոց համար (այլ ոչ թէ միայն ընտրեալներու) բացուած են նոր հնարաւորութիւններ:

Երիտասարդներուն խորհուրդ կու տամ հետեւիլ իրենց երազանքին եւ ոչ մէկուն թոյլ չտալ խանգարել, շրջապատուիլ  դրական մարդոցմով եւ հաւատալ:

– Դուք այստեղ ընտանիք  կազմած էք: Ձեր կարծիքով` որքանո՞վ Հայաստանը յարմարաւէտ է ապրելու եւ երեխաներ դաստիարակելու համար:

Старый советский автобус - Sputnik Արմենիա
Ինչպէս սովետական հին հանրակառքը կը դառնայ հիւրանոց. հայաստանեան հանգիստի նորաձեւութիւնը

– Հայաստան ֆանտաստիկ երկիր է: Այստեղ ինչ-որ իւրայատուկ բան կայ: Երբեք չեմ մտածած, որ կը մնամ այստեղ ապրելու, կ’ամուսնանամ եւ երեխայ կ’ունենամ: Այստեղ օդին մէջ ինչ-որ բան կը թեւածէ, որ կը ստիպէ քեզ զգալ ինչպէս տան մէջ, ինչպէս կ’ըսեն`«Սա Երեւանն է, այստեղ դու տանն ես…»: Ընտանիքը շատ ամուր հիմքեր ունի այստեղ: Ինծի կը հիացնեն հայկական ընտանիքէն ներս մարդկային յարաբերութիւնները: Բացի այդ, Հայաստան անվտանգ է երեխաներու համար. ո՛չ առեւանգումներ, ո՛չ թմրանիւթեր:

– Ձեր կինը հայուհի է: Պատմէք` ինչպէս  ծանօթացած էք:

– Երբ եկայ Հայաստան, հաճելիօրէն զարմացած էի, թէ որքան գեղեցիկ ու կանացի են այստեղի աղջիկները: Բայց ամուսնութեան մասին չէի մտածեր: Ես նոր  սկսած էի աշխատանքս, իսկ ամուսնութեան համար կայունութիւն պէտք է...

Ապագայ կնոջս հետ աշխատած եմ մայրաքաղաքի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ: Ան ղեկավարն էր եւ այնքան լաւ էր, բայց ես չէի կրնար սիրահետել անոր, չէ՞ որ գործընկերներ էինք: Իսկ երբ ան ձգեց այդ աշխատանքը, սկսանք հանդիպիլ, իսկ չորս տարի անց ամուսնացանք:

– Ձեր ընտանիքը կը պահպանէ՞ արդեօք հայկական աւանդոյթները:

– Շատ աւանդապաշտ են  կնոջս հայրական ընտանիքը, եւ ատիկա շատ գրաւած է ինծի: Ես ծնունդով  երկրէ մըն եմ, որ լրիւ մոռցած է իր արմատները: Հայաստան կարծես անցեալ  տեղափոխած է զիս:

– Նկարագրէք, կը խնդրեմ, իտալացիներու եւ հայերու միջեւ տարբերութիւններն ու նմանութիւնները: Այստեղ յարմարիլը հե՞շտ էր:

– Նախ` ըսեմ, որ մենք` իտալացիներս, շատ տարբեր ենք` կախուած տարածաշրջանէն, նահանգէն: Ընդհանուր առմամբ, շատ հետաքրքիր խառնուրդ ենք:

Մեր եւ ձեր ազգերու միջեւ ընդհանրութիւնը խառնուածքն է, տաքարիւնութիւնը: Մենք ալ կը սիրենք աղմկել, բարձրաձայն խօսիլ, խօսելուն ձեռքերն աշխուժօրէն շարժել: Բացի այդ, հայերն ու իտալացիները նման են հիւրընկալութեամբ եւ ստեղծարարութեամբ:

Ես միանգամէն լաւ զգացի այստեղ` չնայած մշակութային տարբերութիւններուն: Նաեւ շատ հաճելի է, որ դուք շատ կը սիրէք Իտալիան (կը ժպտի):

– Ամէնէն շատ ի՞նչ կը սիրէք Հայաստանի մէջ:

– Այստեղ ամէնէն շատ կը սիրեմ անվտանգութիւնը: Հէնց այդ պատճառով շատ  կ’ուզեմ, որ որդիս մեծնայ եւ կրթութիւն ստանայ Հայաստանի մէջ` հեռու անպիտան, վնասակար բաներէ: Ես անոր համար մեծ ապագայ կը տեսնեմ եւ հնարաւոր ամէն ինչ կ’ընեմ, որպէսզի անոր երազանքներն իրագործուին:

– Շնորհակալութիւն հետաքրքիր զրոյցի համար, Ֆետերիքօ:

– Ձեզ նոյնպէս շնորհակալութիւն:

Լրահոս
0