Հայաստան բարելաւած է դիրքերը աշխարհի «հզօր անձնագիրներ»-ու վարկանիշի ցուցակին մէջ

© Sputnik / Aram NersesyanОчередь
Очередь - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվեք
НовостиTelegram
Հայաստանի քաղաքացիները կրնան ազատ մեկնիլ ԱՊՀ երկիրներ, Պրազիլ, Արժանթին, Իրան եւ Հնդկաստան:

ԵՐԵՒԱՆ, 26 մարտի — Sputnik. Հայաստան աշխարհի անձնագիրներու հերթական վարկանիշի ցուցակին  մէջ, կազմուած բրիտանական Henley & Partners ընկերութեան կողմէ, գրաւած է 78–րդ տեղը:

Последствия артобстрелов Африна в Сирии - Sputnik Արմենիա
Աֆրին մնացած վերջին հայն ալ ստիպուած եղած Է գաղթելու

Հայկական անձնագիրով կարելի է ազատ այցելել աշխարհի 62 երկիրներ առանց մուտքի արտօնագիրի, տեղւոյն վրայ կամ ելեկտրոնային եղանակով վիզա ստանալով:

Անձնագիրներու ցուցակը կ’արտացոլէ աշխարհի երկիրներու առանց վիզայի կարգի փոփոխութիւնները մինչեւ 2019–ի երկրորդ եռամսեակի սկիզբը:

Այսպիսով, Հայաստան անցած տարուան համեմատ բարելաւած է իր դիրքերը` վարկանիշի ցուցակին մէջ բարձրանալով մէկ հորիզոնականով:

Հայաստանի հետ 78–րդ տեղը կիսած է Սիերա Լէոնէն:

Оливковое дерево в саду Микаэла Цатряна, Мегри. - Sputnik Արմենիա
Կառավարութիւնը կը նպաստէ մինչեւ 10 հեկտար պտղատու այգիներ ստեղծելու նախաձեռնութեան

Հայաստանի քաղաքացիներուն համար բացուած է լրացուցիչ առանց վիզայի ուղղութիւն:

Այսպիսով, հայկական անձնագիրով առանց վիզայի կարելի է մեկնիլ ԱՊՀ երկիրներ եւ Վրաստան, Իրան, Պրազիլ, Արժանթին, Ուրուկուէյ, Մալիզիա, Ինտոնեզիա, Հնդկաստան եւ Վիեթնամ, ինչպէս նաեւ ուրիշ, աւելի փոքր երկիրներ. ընդամէնը 62 երկիր:

Վարկանիշի ցուցակին մէջ յառաջատար է Ճափոնը: Ճափոնական անձնագիրով կարելի է ազատ մուտք գործել Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի բոլոր երկիրներ, բացի Քուպայէն, բոլոր եւրոպական երկիրներ, բացի Ռուսաստանէն, ինչպէս նաեւ ասիական երկիրներու մեծամասնութիւնը, ներառեալ Չինաստանն ու Հնդկաստանը:

Լրահոս
0