00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
9 ր
Ուղիղ եթեր
09:33
27 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
10 ր
Ուղիղ եթեր
10:10
50 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
11 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
6 ր
17:51
7 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
7 ր
5 րոպե Դուլյանի հետ
18:07
7 ր
Աբովյան time
On air
18:14
41 ր
18:56
3 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
09:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:25
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:30
31 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
10:05
36 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Վիեթնամական խոզերով «վարդամորիի» դրախտ. հայ ծրագրաւորողը իւրայատուկ գործ մը սկսած է

© Sputnik / Aram GareginyanТигран Казарян, основатель садов и питомника органических ягод близ города Чаренцаван, Котайкская область.
Тигран Казарян, основатель садов и питомника органических ягод близ города Чаренцаван, Котайкская область. - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Չարենցաւանի գործիքաշինական գործարանի ծրագրաւորող Տիգրան Ղազարեան ինքնատիպ գործ մը հիմնած է, որ կապուած է սարերու մէջ աճող հատապտուղներու, վարդի այգիներու եւ խոզաբուծութեան հետ:

Արամ Գարեգինեան, Sputnik Արմենիա

ԽՍՀՄ–ի փլուզումէն ետք  Չարենցաւանի գործիքաշինական գործարանի ծրագրաւորող Տիգրան Ղազարեան սկսաւ օրկանական հատապտուղներ եւ վարդեր աճեցնել:

Торжественное мероприятие к 25-летию армянского драма (22 ноября 2018). Еревaн - Sputnik Արմենիա
Դրամը կ'արժեզրկուի՞. Կը մեկնաբանէ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը

Յայտնի գործիքներու շարքին կան  քանի մը հատ, որոնք «հատապտղային  անուանում ունին, օրինակ` Raspberry մինի–համակարգիչը (որոնցմով ծրագիրներ կը կազմեն սարքերու համար), Blackberry սմարթֆոնները: Կայ նաեւ Blueberry անուանումով ընկերութիւն, որ կը թողարկէ FlashBack ծրագիրը:

Եւ յայտնի չէ, թէ ինչ մտայղացումներ կ’իրագործէր չարենցաւանցի Տիգրան Ղազարեանը, եթէ չփլուզուէր Խորհրդային Միութիւնը: Բայց այսօր ան կ’արտադրէ եւ՛ raspberry, եւ՛ blackberry, ընդ որում` ամենաուղիղ իմաստով: Ան ստեղծած է ամբողջ Հայաստանի մէջ ամենախոշոր օրկանական հատապտուղներու այգիներէն մէկը:

Իսկ ատկէ բացի ուրիշ ի՞նչ կրնար ստեղծել Չարենցաւանի մէջ: Մի՛ ժպտիք: Չէ՞ որ Չարենցաւանը միշտ չէր այնպիսին, ինչպիսին այսօր է:

Сара Стайтс - Sputnik Արմենիա
«Հայաստանի մէջ «անծանօթ» հասկացութիւնը չկայ. ինչո՞վ մեր երկիրը գրաւած է ամերիկացիին

Ժամանակին այստեղ գործած է Անդրկովկասի ամենամեծ գործիքաշինական գործարաններէն մէկը: Ատկէ բացի, քաղաքին մէջ  գործած են հաստոցաշինական գործարանն ու «Ցենտրոլիտը», ուր մետաղական իրեր  կ’արտադրէին:

1988 թուականին Ղազարեան աւարտեց Երեւանի փոլիտեխնիքական համալսարանի հաշուողական մեքենականութեան բաժանմունքը: Շուտով Չարենցաւանի գործիքաշինական գործարանին մէջ սկսաւ ալկորիթմներ կազմել խառատի եւ մամլիչ հաստոցներու համար:

90-ականներուն` փոխադրամիջոցներու շրջափակման ժամանակ, գործարանին մէջ գրեթէ դադրեցուեցան մետաղի մատակարարումները: Այսինքն` պատուէրները գրեթէ վերացան: 1993 թուականին Ղազարեան հեռացաւ գործարանէն, որպէսզի գոնէ ինչ–որ կերպ գումար աշխատի:

«Գիտէք` հեշտ ժամանակներ չէին: Գործարանները գրեթէ կը քանդուէին: Ես ալ ինչ գործ կրնայի, կ’ընէի: Ջահեր կը պատրաստէի, ոսկերչական զարդեր, հարսանեկան յուշանուէրներ», – կը պատմէ ան:

Հոգը փոքր–ինչ մոռացութեան կու տար մորին: Աւելի ճիշդ ոչ այդքան հէնց մորին, որքան թուփերը, որոնցմով ան ազատ ժամանակ կը զբաղէր տան մօտ գտնուող այգիին մէջ:

Сыновья Овсепа Киракосяна Эрик и Гегам - Sputnik Արմենիա
Ինչ է պատերազմի արժէքը, եւ ինչ է խաղաղութեան գինը. հարցուր 6-ամեայ Գեղամին

«Եւ  ես որոշեցի հատապտուղներ աճեցնել: Սկսայ աշխատիլ, լրացուցիչ հողեր վարձակալեցի, յետոյ գնեցի ատոնք: Յետոյ կրկին: Այսօր մենք 15 հեկտար ունինք: Իսկ սկսած ենք 500 քմ–էն», – կը պատմէ ան:

Զինք օգնեց ալկորիթմային մտածողութիւնը: Մորիի կողքին նաեւ մոշ ու այլ հատապտուղներ տնկեց: Իսկ տեսնելով, թէ քաղելէ յետոյ որքան մոլախոտ կը հաւաքուի, սկսաւ ատոնք թափելու փոխարէն խոզ պահել:

«Ես վերցուցի ոչ թէ սպիտակ, այլ սեւ, վիեթնամականներէն: Եւ չզղջացի: Բարձր դիմադրողականութիւն ունին, արագ  քաշ կը հաւաքեն եւ հանգիստ են. ցանկապատ չեն կոտրեր, չեն փորձեր փախչիլ, ուր ըսես չեն մտներ: Մոլախոտը կը հաւաքեմ, կը դնեմ դիմացնին, իրենք իրենց կ’ուտեն», – կ’ըսէ ան:

Мама Арамаиса Микаеляна Лилит Авагян - Sputnik Արմենիա
Երկու կերպար խառնուած է մօտս` որդեկորոյս մօր եւ մօր, որ պէտք է կրտսեր տղուս. Լիլիթ Աւագեան

Խոզերու կողքին (տէ, ի հարկէ, ոչ շատ մօտ) վարդերու թուփեր տնկեց: Եւ սա ալ զուարճանքի համար չէր, այլ յստակ հաշուարկով եղած գործ:

Թօշնած վարդն աւելի շատ բանաստեղծական չափազանցութիւն է, համոզուած է ան: Իրականութեան մէջ վարդը շատ դիմացկուն բոյս է, որեւէ հիւանդութիւն չունենար, եւ նոյնիսկ շատ ջուր ալ պէտք չէ: Այժմ իր ծաղկանոցէն վարդեր կը մատակարարէ պահածոներու քանի մը գործարաններու, որոնք վերջին տարիներուն կ’աւելցնեն վարդի անուշի արտադրութիւնը:

Այժմ կ’ուզէ ընդլայնել վարդերու թիւը` օծանելիքի արտադրութեան մէջ օգտագործուող յայտնի եթերային իւղ ստանալու համար: Այդ իւղի մէկ քիլոկրամն աւելի քան 10 հազար եւրօ արժէ: Ճիշդ է` արդէն ծաւալները պէտք է զգալի մեծցնել:

«4 թոն վարդէն մէկ քիլոկրամ իւղ կը ստացուի: Իսկ 1-2 քիլոկրամի համար ոչ մէկը պայմանագիր կը կնքէ: Այսօր  մօտս ամենաշատը 2-3 կը ստացուի: Այդ պատճառով կ’աւելցնեմ թուփերը: Շուտով դաշտերն աւելի վարդագոյն կը դառնան», – կը ժպտի ան:

Իսկ չի ցանկա՞ր նաեւ մեղուաբուծական տնտեսութիւն հիմնել` աշխատանքի նոյն ալկորիթմով: Կը պարզուի` այդ պարագային աւելի կարեւոր է մարդկային կապերու ալկորիթմը:

Блогер Лилит Хачатурян - Sputnik Արմենիա
Կեանքը Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու մէջ, կամ նոր իրականութիւն` Բերքաբեր այցէն ետք

«Կարիք չկայ: Հարեւաններն արդէն կը զբաղին անով, իմ դաշտերուս շուրջ: Ինչու՞ խանգարեմ անոնց: Իմ գործն ինծի հերիք է», – կ’ըսէ Ղազարեան:

Վերջերս գրաւիչ բոյրը զգալով`  փարիզցի մը այցելած է զինք: Ֆրանսիս Քիւրքճեան, որ Jean-Paul Gautier, Burberry եւ Nina Ricci ապրանքանիշներու համար օծանելիքներ կը ստեղծէ, հետաքրքրուած է, թէ արդեօ՞ք հնարաւոր է հումք ձեռք բերել հայրենակիցէն:

«Կը սպասենք, որ կրկին գայ: Այնպէս որ աշխատելու իմաստ կայ», – կ’ըսէ Ղազարեան:

Փարիզը` Փարիզ, բայց ուրիշ գործեր ալ կան: Ներառեալ` նաեւ հատապտուղներու հետ կապուած (որմէ ալ սկսած էինք մեր պատմութիւնը): 2005 թուականին ան հատապտղային այգիներու համար օրկանական արտօնագիր ստացած է: Այստեղ ո՛չ ժանտասպաններ, ո՛չ քիմիական պարարտանիւթեր կ’օգտագործուին: Ժանտասպաններու կարիքը առանձնապէս ոչ ալ կայ: Այստեղ` լեռներու մէջ, հատապտուղներու վնասատուներ գրեթէ չկան, կը վստահեցնէ ան:

Մորիի պատմութիւնը նոյնն է, ինչպէս վարդերուն. միայն թէ արտաքնապէս աւելի փափուկ է: Թուփերը կը դիմանան եւ՛ ցուրտին, եւ՛ կարկուտին:

Азат Адамян - Sputnik Արմենիա
Ադամեանը «կը բողոքէ» Google-ին` Ստեփանակերտի անունն ուղղելով եւ վայրը դարձնելով Արցախ

«Կարկտակայուն են նաեւ, քանի որ այդքան շուտ չեն ծաղկիր: Միայն շատ ջուր կ’ուզէ: Ուրիշ բան պէտք չէ», – կ’ըսէ Ղազարեան:

Ան եւ՛ տեղական տեսակներ կ’աճեցնէ, եւ՛ արտասահմանեան. ատոնք չեն թօշնիր, եթէ երկար ճանապարհ կու գան: Համը, ի հարկէ, այն չէ, բայց ատիկա ալ հնարաւոր է շտկել, կը վստահեցնէ ան:

«Սկիզբը  տնկեցի, այդքան ալ համով չէին: Իսկ 2-3 տարի անց տեսնեմ` համը կը փոխուի: Մեր արեւը, հողը իրենց գործը կ’ընեն», –կը  ժպտի ծրագրաւորող գիւղացին:

Այսօր ան հատապտուղներու տնկարան  ստեղծած է (նոյնպէս օրկանական):

Եւ ասիկա անոր ալկորիթմի վերջին տողը չէ. կը պատրաստուի կաթիլային ոռոգում իրականացնել, որպէսզի ջուրն ալ իզուր չկորչի:

Օրկանական տնկարան ստեղծելու հարցով Ղազարեան աջակցութիւն  ստացած է գիւղատնտեսութեան աջակցման նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ, որուն ֆինանսաւորած է ԵՄ–ն եւ իրականացուցած Զարգացման աւստրիական գործակալութիւնը: Մնացած ամէն բան ան մինակ ըրած է ` առանց կողմնակի օգնութեան:

Լրահոս
0