00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
09:30
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:35
24 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
10:06
54 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
09:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
09:24
5 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
10:00
0 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
12:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Исторический ликбез
Первая биография Ивана IV. Кто и для кого ее писал?
15:04
24 ր
Исторический ликбез
Тиран или помазанник божий? Кем был Иван Грозный?
15:33
24 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Թուրքիոյ հայերու քուլիսային պայքարը․Էրտողան պատրիարքի ընտրութիւններուն համար ժամանակ չունի

© AP PhotoБывший местоблюститель константинопольского патриарха ААЦ Арам Атешян
Бывший местоблюститель константинопольского патриарха ААЦ Арам Атешян - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Զատիկէն ետք հայ համայնքի ներկայացուցիչները պիտի դիմեն Թուրքիոյ իշխանութիւններուն`Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններ կայացնելու պաշտօնական թոյլտուութեան համար:

Երեւան, 5 ապրիլի — Sputnik, Լաուրա Սարգսեան․ Թուրքիոյ հայերու շարքերուն մէջ ոչ պաշտօնական պայքար կ’ընթանայ`կապուած հայ առաքելական եկեղեցւոյ Կոստանդնուպոլսոյ նոր պատրիարքի ընտրութիւններուն հետ: Այդ մասին ըսաւ «Ակօս» թերթի հայկական բաժինի խմբագրապետ Բագրատ Էսթուքեան Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին:

Хосе Антонио Гурриаран - Sputnik Արմենիա
Ծանր է, երբ Կուռիարանի նման բարեկամ մը կը հեռանայ… կրկնակի ծանր, որ կը հեռանայ աննկատ

Յիշեցնենք, որ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեան մահացած էր մարտի 8–ին: Ան 2008 թուականէն կորսնցուցած էր յիշողութիւնը եւ կը տառապէր անբուժելի հիւանդութեամբ: Մեսրոպ Մութաֆեանի մօտ Ալզհայմըրի հիւանդութիւն ախտորոշած էին: Ան մօտ 11 տարի թմբիրի (կոմա) մէջ էր: Այդ ընթացքին պատրիարքարանը փաստացի ղեկավարած է Էրտողանի դրածոյ, արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեանը: Սակայն ան չէ արդարացուցած ոչ Թուրքիոյ հայ համայնքի՛, ոչ պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի վստահութիւնը՛:

Ի դէպ, քանի որ Աթէշեան  առանց ամչնալու կը պարծենայ Էրտողանի հետ յարաբերութիւններով, անոր երբեմն կ’անուանեն «Աթէշօղլու»:

«Պատրիարքի ընտրութիւններու հարցը կը քննարկուի Զատիկէն յետոյ, որ տեղի կ’ունենայ ապրիլ 21-ին: Մինչ այդ կ’ընթանայ քուլիսային պայքար, սակայն պաշտօնապէս ոչ մէկը այդ մասին բան  կ’ըսէ», - ըսաւ Էսթուքեան:

Անոր խօսքով`արդէն կան քանի մը խումբեր, որոնք կը ցանկան իրենց թեկնածուները առաջադրել Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքի պաշտօնին: Սակայն այդ բոլոր գործընթացները կը կրեն ոչ պաշտօնական բնոյթ: Զատիկէն յետոյ, որ Հայ առաքելական եկեղեցին  այս տարի կը նշէ ապրիլ 21-ին, համայնքի ներկայացուցիչները պէտք է պաշտօնական հարցում ուղարկեն կառավարութիւն`ընտրութիւնները կայացնելու թոյլտուութիւն ստանալու համար:

Торжественное открытие школы с китайским обучением (22 августа 2018). Ереван - Sputnik Արմենիա
Յայտնի է` երբ տեղի կ’ունենայ «Արի պարի քոչարի» երկրորդ ֆլեշմոպը

Տեսականօրէն թրքական իշխանութիւնները չեն կրնար ձգձգել ընտրութիւնները կայացնելու հարցը կամ հանդէս գալ թեկնածուներուն դեմ, ինչպէս ատիկա արդէն ոչ մէկ անգամ ըրած են :

Էսթուքեանի խօսքով` Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ անակնկալները բացառուած չեն, եւ սփիւռքը կը պատրաստուի իրավիճակի զարգացման տարբեր սենարներու:

Նշենք` 2017 թուականի մարտին Պոլսոյ մէջ  կայացած էին Պոլսոյ պատրիարքի փոխանորդի ընտրութիւններ: Այն ժամանակ երեք թեկնածու  առաջադրուած էր`Արամ Աթէշեան, Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին Պեքչեան եւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի առաջնորդ Սահակ Մաշալեան, որ վերջին պահուն հանած էր իր թեկնածութիւնը: 34 ընտրողներէն 23–ը քուէարկած էին Պեքչեանի օգտին, 11–ը` Աթէշեանի:Վերջինս 2017 թուականի մայիսին հրաժարական  տուած էր, իսկ Պեքչեան փոխանորդ  դարձած էր ու սկսած պատրաստուիլ նոր պատրիարքի ընտրութիւններուն:

Мама Арамаиса Микаеляна Лилит Авагян - Sputnik Արմենիա
Երկու կերպար խառնուած է մօտս` որդեկորոյս մօր եւ մօր, որ պէտք է կրտսեր տղուս. Լիլիթ Աւագեան

Սակայն Թուրքիոյ իշխանութիւնը չէր ճանչնար Պեքչեանը ու մերժած էր հոգեւոր խորհուրդի՝ Պոլսոյ պատրիարքի լիարժէք ընտրութիւններու հարցը: Աթէշեան վերադարձած էր պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնին:

Միաժամանակ, ինչպէս  նշեց Էսթուքեան, Թուրքիոյ իշխանութիւնները հիմա չեն կրնար զբաղուիլ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններով, քանի որ զբաղուած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու արդիւնքներու հարցերով, որոնք կայացած են երկրին մէջ մարտ 31-ին: Անոր կարծիքով`այդ պատճառով իշխանութիւնները պիտի յետաձգեն պատրիարքի ընտրութիւնները կայացնելու թոյլտուութեան տրամադրումը:

Յիշեցնենք` ХХ դարու 50–ականներուն մէկուկէս միլիոնանոց Պոլսոյ մէջ 150 հազար հայեր կ’ապրէին: Այսօր գրեթէ 20-միլիոնանոց Պոլսոյ մէջ մնացած են հազար յոյն, 20 հազար հրեայ ու 40 հազար հայ:

Լրահոս
0