ԵՐԵՒԱՆ, 13 մայիսի – Sputnik. Sputnik Արմենիայի տեղեկութիւններով` Հայաստանի ազգային հաւաքականի աւագ ու Լոնտոնի «Արսենալ»-ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանի ու գործարար Միքայէլ Վարդանեանի դստեր` Պեթի Վարդանեանի պսակադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ յունիս 17-ին Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքին մէջ:
Մեր տեղեկութիւններով` յունիս 16–ին Հայաստանի հիւրերը չարթերային չուերթով կը մեկնին Վենետիկ:
Մեր ընտրանիի առաջատարն իր կեանքի կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկուն կը մօտենայ ազգային հաւաքականի ընտրական երկու խաղէն ետք: Եւրօ-2020-ի ընտրական փուլի ծիրէն ներս յունիս 8-ին Հայաստանի հաւաքականը սեփական յարկին տակ պիտի մրցի Լիխտէնշտէյնի ընտրանիին հետ, իսկ յունիս 11-ին արտագնայ խաղ կ'իրականացնէ Յունաստանի հաւաքականին հետ:
Յուսանք, որ մեր ազգային հաւաքականի արդիւնքները դրական կ’ըլլան, եւ Հենրիխն իր հարսանեկան արարողութեան կ’երթայ յաղթական տրամադրութեամբ: