Մշակույթ
© Photo : Nazik Armenakyan / 4Plus for Chaikhana

Իրանի քանդակագործութեան մայրը. ինչպէս Լիլիթ Տէրեանը գրաւեց Թեհրանը

Ստանալ կարճ հղումը
Sputnik Արմենիան` արևմտահայերենով

Լիլիթ Տէրեանը «Իրանի ժամանակակից քանդակագործութեան մայր» կ’անուանեն. անոր աշխատանքները երկրին մէջ կարելի է ամէնուր տեսնել, իսկ հայկական եկեղեցիներու ու մշակութային կեդրոններու տարածքներուն մէջ ատոնք գրեթէ պարտադիր են: Ան քանդակագործ ու նկարիչ է, որուն աշխարհընկալումն ընդգրկած է հայկական, պարսկական ու եւրոպական մշակոյթի աւանդոյթները: Տէրեան կեանքի ընթացքին փառքի արժանացած է:

Ռուբէն Գիւլմիսարեան, Sputnik Արմենիա

Լիլիթ Տէրեանի աշխատանքները Իրանի մէջ  կարելի է տեսնել ամէնուր: Ան հեռացած է կեանքէն 88 տարեկանին, հեռացած է նոյնքան խաղաղ ու հանգիստ, ինչպէս եւ ապրած է:

Ան փոքր հասակէն հակուած էր կերպարուեստին: Փլաստիլին, կաւ, մատիտ, ստուարաթուղթ, խեժ...

Դպրոցէն ետք Լիլիթ Տէրեան Թեհրանի մէջ համալսարան ընդունուած է: Ան մէկ տարի կերպարուեստի տեսութիւն  ուսումնասիրած է` մանկապատանեկան սիրողական փորձ ունենալով: Մէկ տարի անց ժամանակն եկաւ համատեղելու մեծ հասակին ձեռք բերուած տեսական գիտելիքներն ու  փորձնականը նոր, մասնագիտական մակարդակով. թեհրանեան համալսարանի շրջանակը նեղ էր եւ՛ գաղափարապէս, եւ՛ աշխարհագրօրէն:  Տէրեան Ֆրանսա կը մեկնի:

Ի հարկէ, Փարիզ. ալ ուր պիտի մեկնի նկարիչը գիտութեան ու ոգեշնչման համար: Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ կերպարուեստի բարձրագոյն դպրոցը Տէրեանին տուաւ այն, ինչ «կեանքի ուղեգիր» կ’անուանեն:

Երեւի Լիլիթ Տէրեան կրնար մնալ Փարիզ, ուր տաղանդաւոր նկարիչը չի կորսուիր: Կ’ըլլային ցուցահանդէսներ, արագ եւրոպական (կամ նոյնիսկ համաշխարհային) ճանաչում, ու եթէ թէկուզ ան կեանքի օրօք դասական չդառնար, ապա սեփական սրահն ու պատկերասրահը կ’ունենար` ամբողջ կեանքին մէջ յաճախորդներ ու հասարակութեան մէջ բարձր կարգավիճակ ապահովելով:

Բայց, այնուամենայնիւ, նախընտրեց վերադառնալ Իրան: 1960 թուականէն Տէրեան դասաւանդած է Թեհրանի տարբեր համալսարաններու, կերպարուեստի քոլեջին մէջ: Իրանի մէջ շատոնց արդէն վարժուած են, որ երիտասարդ քանդակագործները (իսկ, երբեմն, նոյնիսկ գեղանկարիչները) գրեթէ բոլորը Լիլիթ Տէրեանի աշակերտներն են: Ժամանակի ընթացքին զինք սկսած են անուանել «Իրանի ժամանակակից քանդակագործութեան մայր»: Այս տիտղոսն ինքնին յայտնուեցաւ, երբ Թեհրանի հայկական եկեղեցիներէն մէկուն բակին մէջ տեղադրուեցաւ Տէրեանի կերտած Մեսրոպ Մաշտոցի քանդակը:

© Photo : provided by Rubina Ohanyan
Տէրեանի կերտած Մեսրոպ Մաշտոցի քանդակը Թեհրանի Սուրբ Թարգմանչաց եկեղեցվո բակին մէջ:

2007 թուականին իրանական իշխանութիւնը վաստակաւոր քանդակագործին նուիրուած յատուկ երեկոյթ  կազմակերպած էր Իմամ Ալի անուան կրօնական արուեստի թանգարանին մէջ: Ատիկա եղաւ քաղաքային քանդակի VI  երկամեայէն ետք:

«Ես բաւական փակ մարդ եմ, չեմ սիրեր երկար-բարակ խօսիլ: Աւելի լաւ է արտայայտուիմ գիծով, գոյնով, ձեւով», – ինքն իր մասին կ’ըսէր Լիլիթ Տէրեան: Այդպէս ալ կար:

Տէրեան աջ ու ձախ հարցազրոյցներ չէր տար, նկարահանումներն ալ առանձնակի չէր սիրեր, աւելի լաւ է աշխատանքները նկարահանէք, խորհուրդ կու տար ան լրագրողներուն ու ֆիլմի բեմադրիչներուն:

Ու միեւնոյնն է` ուշադրութեան կեդրոնին մէջ կը մնար: Ատոր հետ կապուած պէտք է հերթական անգամ նշել իրանական իշխանութեան ուշադրութիւնը իրենց երկրին մէջ ապրող ոչ միայն անուանի, այլեւ պարզապէս յայտնի մարդոց հանդէպ:

Այս մասին կը վկայէ իրանական այն պետական պաշտօնեաններու ցանկը, որոնք իրենց պարտքը  համարած են ցաւակցութիւն յայտնելու Լիլիթ Տէրեանի հեռանալու կապակցութեամբ: Անոնց շարքին են` Ւրանի ԱԳՆ մամլոյ քարտուղար Պահրամ Քասեմին, Իրանի իսլամական ուղղուածութեան ու մշակոյթի նախարար Մոճթապա Հոսէյնին, այլ ծառայութիւններու ու գերատեսչութիւններու ղեկավարներ:

Նոր Հայաստանի մէջ մշակոյթի նախարարութիւն պիտի չըլլայ, հաւանաբար այդ պատճառով է, որ մեծն քանդակագործի, մեր հայրենակիցի մահուան միայն  քանի մը լրատուամիջոցներ  անդրադարձած էին:

Լիլիթ Տէրեան. իրանահայ նկարիչ, քանդակագործ

Թեհրան երթաք, անպայման այցելէք Սուրբ Աստուածամօր ու Սուրբ Թարգմանչաց եկեղեցիներ. սկիզբը բակին մէջ Տէրեանի հեղինակած արձաններուն նայէք, իսկ յետոյ բուն տաճարներուն մէջ մոմեր վառէք:

 

Ըստ թեմայի

Կառավարութիւնը լուծարեց «Հայրենիք-սփիւռք կեդրոնը»
Յունական «համով», հայկական ոգիով. ինչպէս վանաձորցի ընտանիքը հրուշակարան բացաւ
Գարոլին Ռաֆայէլեանը ներառուած է Forbes-ի «Միլիարատէրեր 2019»-ի ցանկին մէջ
«Պրազիլական դիմակահանդէսը լաւ PR եղաւ Հայաստանի համար». Սիպիլ