Տարածաշրջան
© Sputnik / Dmitriy Pisarenko

Վանայ Տառեխի ձուադրման շրջանին խիստ վերահսկողութիւն սահմանուած է

Ստանալ կարճ հղումը
Sputnik Արմենիան` արևմտահայերենով

Վանայ լիճին մէջ ապրող միակ ձուկը` տառեխը, կը սկսի շարժելու գետերու ուղղութեամբ` այնտեղ ձուադրելու համար:

ԵՐԵՒԱՆ, 16 ապրիլի-Sputnik. Վանայ լիճին մէջ ապրող միակ  ձկնատեսակի`  տառեխի պահպանման նպատակով ձուադրման շրջանին ոստիկանութիւնը խիստ վերահսկողութիւն պիտի իրականացնէ ձկնագողերուն դէմ:

Թրքական TRT–ի փոխանցմամբ` Վանայ լիճին մէջ տառեխներու ձուադրման շրջանին նահանգի ոստիկանութիւնը 2 նաւակ եւ 10 մեքենայ յատկացուցած է յատուկ Վանայ լիճին շուրջ խիստ վերահսկողութիւն սահմանելու եւ 90 օր ձկնագողութիւնը կանխելու համար: Կը նշուի, որ օդէն եւս անօդաչու թռչող սարքերով պիտի հսկուի լիճը:

Վանայ լիճին մէջ ապրող միակ ձուկը` տառեխը, կը սկսի շարժելու գետերու ուղղութեամբ` այնտեղ ձուադրելու համար:

 

 

Ըստ թեմայի

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան մէջ նոր էջ կը բանայ
Հայաստանի երեխաներուն մեծ մասը մանկապարտէզ չի յաճախեր. ԵՈՒՆԻՍԵՖ–ը մտահոգութիւն կը յայտնէ
Վիճաբանութիւն` հայ համայնքին հետ հանդիպման ժամանակ. Փաշինեան կը փորձէր հանգստացնել