00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
9 ր
Ուղիղ եթեր
09:33
27 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
10 ր
Ուղիղ եթեր
10:10
50 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
11 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
6 ր
17:51
7 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
7 ր
5 րոպե Դուլյանի հետ
18:07
7 ր
Աբովյան time
On air
18:14
41 ր
18:56
3 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
09:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:25
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:30
31 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
10:05
36 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

«Բաց երկնքի» քաղաքականութեան ծիրէն ներս 39 օդանաւային ընկերութիւն թռիչքներ կ’իրականացնեն

© Photo : press office of the Armenia AirwaysСамолет авиакомпании Armenia в аэропорту "Звартноц"
Самолет авиакомпании Armenia в аэропорту Звартноц - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Հայկական Armenia Airways ընկերութիւնը տեղական շուկայ մուտք կը գործէ յունիս 15-ին` գործարկելով Երեւան–Թեհրան–Երեւան կանոնաւոր չուերթը: Այսքանով օդանաւային ընկերութեան ղեկավարութիւնը չի սահմանափակուիր եւ մտադիր է փուլ առ փուլ «գրոհել» նաեւ այլ երկինքներ:

ԵՐԵՒԱՆ, 3 յունիսի — Sputnik, Լաուրա Սարգսեան. Armenia Airways–ը հայկական երկրորդ օդանաւային ընկերութիւնը կ’ըլլայ, որ չուերթէր կ’իրականացնէ «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանէն: Ընկերութեան օդանաւը դեռ միայն Իրան պիտի թռչի: Ընկերութեան ղեկավարութիւնը կը ծրագրէ չուերթներու յաճախականութիւնն աւելցնել եւ նոր ուղղութիւններ բանալ` Ռուսիայէն մինչեւ ԱՄՆ:

Այս մասին Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսաւ  Armenia Airways ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Առլէն Դաւուդեան-Զարնաին:

Главные ворота Стамбульского дворца Долмабахче были созданы армянским архитектором Карапетом Баляном - Sputnik Արմենիա
Հայերու ստեղծած գլուխգործոցները Թուրքիոյ մէջ. ինչի՞ մասին զբօսաշրջիկներուն չեն պատմեր

Հայկական շուկայ դուրս գալու պատրաստակամութեան մասին վերջնական որոշումն Armenia Airways–ը ընդունած է  լարուած աշխատանքներէ եւ  շարք մը արհեստագիտական խնդիրներ լուծելէ յետոյ: Նախապատրաստական փուլը 1.5 տարի  տեւած է: Առաջին անգամ ընկերութեան մասին տեղական ԶԼՄ–ները խօսեցան 2018 թուականի ամառը, եւ նոյնիսկ ոմանք կը պնդէին, որ այն ազգային օդանաւային փոխադրող կը դառնայ: Սակայն շատերը այս նորութեան թերահաւատօրէն վերաբերուեցան: Եւ ճիշդ ըրին, քանի որ ընկերութիւնը այդ կարգավիճակին չի յաւակնիր:

«Ազգային փոխադրողը բացարձակ այլ կարգավիճակ է, երբ 56%–ը պետութեան կը պատկանի: Իսկ մենք մասնաւոր ընկերութիւն ենք եւ մտադիր չենք հայկական օդանաւային փոխադրող ըլլալ», – ըսաւ Դաւուդեան-Զարնային:

Ղեկավարութիւնը հսկայական մտադրութիւններ ունի, սակայն ծրագիրներն այդքան ալ մեծ չեն. կ’ուզեն օդանաւային  աշխարհը փոքր քայլերով նուաճել:

Իրանէն Իրա՞ն

Armenia Airways–ին պատկանող British Aerospace (BAe 146) 110 նստատեղով ինքնաթիռը դէպի Իրան իր առաջին չուերթը կ’իրականացնէ յունիս 15-ին: Երեւան–Թեհրան–Երեւան առաջին կանոնաւոր չուերթի գործարկումով կը նշանաւորուի հայկական երկրորդ օդանաւային ընկերութեան մուտքը տեղական շուկայ:

Թեհրանն աւելի մօտ կը դառնայ. «Արմենիա Էյրուէյզ»-ը կը սկսի իր կանոնաւոր չուերթները

«Առաջին տաս օրը, մինչեւ յունիս 25, շաբաթական երեք չուերթ կ’իրականացնենք` երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ շաբաթ օրերուն: Յունիս 24-էն թռիչքներու յաճախականութիւնն ամէնօրեայ կը դառնայ», – ըսաւ Դաւուդեան-Զարնաին:

Передача паспорта - Sputnik Արմենիա
ԱՄՆ-ի մէջ հարիւրաւոր հայկական անձնագիրներով դրամատնային խարդախութիւններ եղած են

Ղեկավարութիւնը համոզուած է, որ ընկերութիւնը պիտի կարենայ ամէն օր ապահովել Երեւան–Թեհրան–Երեւան չուերթի ամբողջական բեռնուածութիւն, քանի որ ինքնաթիռը մեծ չէ: Տոմսերու արժէքը մէկ ուղղութեամբ կը կազմէ  69 հազար դրամ, երկու ուղղութեամբ` 110 հազար դրամ:

Ան պարզաբանեց, որ այդ տեսակի ինքնաթիռներու համար աւելի շահաւէտ է կարճ տարածութիւններ թռչիլը, ոչ աւելի քան 2.5 ժամ: Այդ պատճառով ալ ընկերութիւնը ներկայ պահուն իր առջեւ Մոսկուայի շուկայ եւ ուրիշ շուկաներ (որոնք ժամանակի առումով երկար են) դուրս գալու խնդիր չի դներ:

«Մենք շատ պատուէրներ ունինք մօտիկ շուկաներ, ներառեալ ռուսական շուկայ, թռիչքներ իրականացնելու համար: Օրինակ, կ’առաջարկեն թռչիլ Սոչի, Գրասնոտար, Մինուոդի, Անթալիա եւ շարք մը այլ քաղաքներ», – ըսաւ Դաւուդեան-Զարնաին:

Սակայն ընկերութիւնը դեռ իր համաձայնութիւնը չէ տուած, քանի որ ներկայ պահուն ան ունի մէկ գործող ինքնաթիռ, բացի այդ` ամէն քաղաք չէ, որ պատրաստ է այդ տեսակի ինքնաթիռներ ընդունելու:  Օդանաւային ընկերութիւնը երկրորդ ինքնաթիռ կ’ունենայ մինչեւ օգոստոսի վերջը:

Գլխաւոր տնօրէնը կը պնդէ, որ իրենք չեն ցանկար իրենց առջեւ մեծ եւ չիրականացուող խնդիրներ դնել: Առաջնային նպատակն այն է, որ Armenia Airways–ը կայանայ, որպէս օդանաւային ընկերութիւն:

Վրաստանի մէջ տարաձայնութիւն կը հասունանայ Հայաստան եկող ճանապարհի պատճառով

Այն հարցին, թէ ինչու  որոշած են սկսիլ Իրանէն, Դաւուդեան-Զարնաին ըսաւ, որ այդ երկիրն իրեն հոգեհարազատ է, քանի որ ինք աւելի քան 25 տարի եղած է տարբեր իրանական ընկերութիւններու եւ օդանաւային ընկերութիւններու ներկայացուցիչը Հայաստանի մէջ:

«Այս ոլորտն ինծի համար նոր չէ, աշխատելու փորձ ունիմ: Շուկան բաւական բարդ է ու թանկ, մեծ մրցակցութիւն կայ: Այդ պատճառով ալ մենք միանգամէն մեծ քայլեր չենք ըներ, մեր նպատակներուն հասնելու  համար պիտի շարժուինք փոքր քայլերով», – ըսաւ Դաւուդեան:

Ւսկ Չինաստանն ու ԱՄՆ–ը

Այն հարցին, թէ արդեօք ինքնաթիռները ԱՄՆ եւ Չինաստան պիտի չի թռչին, ինչպէս յայտարարուած էր անցած տարի, Դաւուդեան նշեց, որ այդ ամէնը, եթէ նոյնիսկ ըլլայ, ապա երկարաժամկէտ հեռանկարով: Ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնը կը հասկնայ բոլոր դժուարութիւններն ու խոչընդոտները, որոնք կան այս ճանապարհին, այդ պատճառով զերծ  կը մնայ ենթադրութիւններ ընել է:

Жан Погосян - Sputnik Արմենիա
Ժընեւի մէջ ներկայացուած են սուրիահայ նկարիչ եւ քանդակագործ Ժան Պօղոսեանի աշխատանքները

«Բոլոր երիտասարդները կը ձգտին տիեզերագնաց դառնալ: Սա երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ: Մենք կը ցանկայինք չուերթներ իրականացնել նաեւ դէպի ԱՄՆ եւ Չինաստան, բայց ատոր համար պէտք է լուրջ քայլեր ընել եւ մեծ խոչընդոտներ յաղթահարել», – ըսաւ Դաւուդեան:

Այսօր ընկերութիւնը երկու ինքնաթիռ ունի` BAe 146 եւ Airbus A310, սակայն կը շահագործուի միայն BAe 146–ը: Armenia Airways–ի մէջ կ’աշխատի մօտ 50 մարդ:

Երեւանի երկինքը

«Հայկական աւիաուղիներ» պետական առաջին ընկերութիւնը ստեղծուած էր 1991 թուականին: Աւիապարկը համալրուած էր ԽՍՀՄ օդանաւերով: 2004 թուականին ընկերութիւնը սնանկ յայտարարուեցաւ:

«Հայկական աւիաուղիներ»-ու  հետ զուգահեռ կը գործէր «Արմաւիա» ընկերութիւնը: Այն հիմնադրուած էր 1996 թուականին եւ դարձած Հայաստանի ազգային փոխադրողը: Օդանաւային ընկերութեան ինքնաթիռները շաբաթական աւելի քան 70 կանոնաւոր չուերթ կ’իրականացնէին 22 ուղղութիւններով աշխարհի 10 երկիրներ: Սակայն 2013 թուականին ընկերութիւնը  սնանկ յայտարարեց իրեն եւ դադրեցուց գործունէութիւնը:

Օսկար Պենկեր. Ամերիկեան գիւտարարի երազանքներն ու պատերազմները. ներգաղթեալի մը առասպելը

Նոյն ճակատագրին արժանացաւ հայկական Air Armenia ընկերութիւնը: Այն հիմնադրուած էր 2003 թուականին եւ բեռնափոխադրումներ ու ուղեւորափոխադրումներ կ’իրականացնէր Եւրոպայի եւ ԱՊՀ երկիրներ: 2013 թուականի յուլիսին Հայաստանի քաղաւիացիայի գլխաւոր վարչութիւնը օդանաւային ընկերութեան արտօնագիր տրամադրեց ուղեւորափոխադրումներ իրականացնելու համար: Առաջին չուերթն իրականացուեցաւ 2013 թուականի հոկտեմբեր 23-ին: Ընկերութիւնը սնանկ յայտարարուեցաւ 2015 թուականի նոյեմբեր 2-ին:

Зоозащитник Карен Даллакян с львицей Лолой, спасенной от усыпления челябинским реабилитационным центром защиты диких животных (21 октября 2016). Севастополь - Sputnik Արմենիա
Այս հայուն մասին ամբողջ Սիպիրը գիտէ. ինչպէս վագրը սկսաւ մայր համարել բժիշկ Դալլաքեանը

2007 թուականին հայկական շուկայ դուրս եկաւ «Տարօն-աւիա»-ն: Այն ԱՊՀ երկիրներ բեռնա- ուղեւորափոխադրումներ կ’իրականացնէր: Ընկերութիւնն անցած տարուան դեկտեմբերէն ժամանակաւոր դադրեցուցած է թռիչքները: «Տարօն-աւիան» Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանէն առաջին չուերթն իրականացուց 2017 թուականի ապրիլին Boeing 737—500–ով:

Այսօր գործող հայկական միակ` Armenia ընկերութիւնը տեղական շուկայ մտաւ 2016 թուականին: Ընկերութեան ինքնաթիռները կանոնաւոր չուերթներ կ’իրականացնեն դէպի Վորոնեժ, Մինուոդի, Թել Աւիւ, Պէյրութ, Լիոն, ինչպէս նաեւ  շարք մը չարտերային չուերթներ դէպի Քուէյթ, Հռոտոս եւ այլն: Armenia–ի աւիապարկը համալրուած է երկու ինքնաթիռով` Boeing 737-500 եւ Boeing 737-700: Ընկերութեան մէջ կ’աշխատի 53 մարդ:

Փաստացի երկրորդ գործող ընկերութիւնը կը դառնայ Armenia Airways–ը:

«Բաց երկնքի» քաղաքականութեան ծիրէն ներս դէպի Հայաստան ընդհանուր առմամբ թռիչքներ կ’իրականացնեն 39 օդանաւային ընկերութիւն, մէկը` Գիւմրիէն, միւսները` Երեւանէն: Այս տուեալները կը վերաբերին ինչպէս չարտերային այնպէս ալ կանոնաւոր չուերթներուն: Սակայն այս թիւը  կայուն չէ եւ կը տատանուի եղանակէն կախուած: Ամենավերջինը հայկական շուկայ մտաւ ռումանական Tarom ընկերութիւնը, եւ կ’իրականացնէ Պուխարեստ–Երեւան–Պուխարեստ կանոնաւոր չուերթը:

Լրահոս
0