00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
09:30
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:35
24 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
10:06
54 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:20
46 ր
Ուղիղ եթեր
Մամուլի տեսություն
10:37
17 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
12:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Исторический ликбез
Первая биография Ивана IV. Кто и для кого ее писал?
15:04
24 ր
Исторический ликбез
Тиран или помазанник божий? Кем был Иван Грозный?
15:33
24 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Անտառներ հատելու կարիքը չըլլար. Հայաստանի մէջ վառելիքի նոր արտադրութիւն կ’ընդլայնուի

© Sputnik / Aram NersesyanДилижанский национальный парк
Дилижанский национальный парк - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Ծղօտէն վառելիքային աղիւսաքարեր արտադրելու պարագային Հայաստանի մէջ կարելի պիտի ըլլայ ամբողջութեամբ հրաժարիլ անտառահատումէն, համոզուած է Սուրէն Դաւթեան:

ԵՐԵՒԱՆ, 24 յունիսի — Sputnik, Արամ Գարեգինեան. Հայաստանի մէջ այլեւս պէտք չէ անտառներ հատել: Ձեռքի տակ բաւականաչափ վառելիք կայ, որմով կարող է փոխարինել եւ՛ վառելափայտը, եւ դիզլը, երբեմն ալ նաեւ գազը: Ատով համոզուած է երեւանցի գործարար Սուրէն Դաւթեանը:

Ան վառելիքային աղիւսաքարեր կ’արտադրէ: Հումքն այս պարագային ոչ թէ ձեռքի տակ է, այլ ոտքերու, ցորենի դաշտերու ծղօտն է: Հարիչը կ’անցնի դաշտով, հաւաքելով ցորենը, իսկ ծղօտը կը մնայ:

Այն քիչ տեղեր կ’օգտագործեն, կը նկատէ Դաւթեան:

© Sputnik / Aram GareginyanՍուրէն Դաւթեան
Անտառներ հատելու կարիքը չըլլար. Հայաստանի մէջ վառելիքի նոր արտադրութիւն  կ’ընդլայնուի - Sputnik Արմենիա
Սուրէն Դաւթեան

Որպէս պարարտանիւթ այն գրեթէ չի կարելի օգտագործել, որպէս անասնակեր` նոյնպէս: Այդ պատճառով ալ ծղօտը մեծամասամբ չեն հաւաքեր, այլ պարզապէս կ’այրեն:

Կացին այլեւս պէտք չէ

«Այսինքն  տեղ մը անտառ կը հատեն, իսկ մէկ այլ տեղ վառելիքն ի զուր կը կորչի: Իսկ նման բան պէտք չէ ըլլայ: Անտառը մեր ընդհանուր հարստութիւնն է: Կը կարծեմ, քիչերը  համաձայն չեն ըլլար  ասոր  հետ», – աւելցուց ան:

Персонал ресторана Песня старых дней - Sputnik Արմենիա
Հայաստանի մէջ ճաշարան մը բացուած է, ուր մատուցողները թոշակառու կանայք են. լուսանկարներ

Ծղօտն ան հէնց այնպէս չէ, որ վառելիք կ’անուանէ: Հայաստանի կառավարութեան եւ KfW  գերմանական դրամատան ծրագիրով հանրապետութեան մէջ անտառային տեղանքին գտնուող գիւղերու աջակցման նախագիծ կ’իրականացուի: Գիւղացիներուն համար կ’ուզեն անտառը չհատելու հնարաւորութիւն ստեղծել, որ վառելիք ու գումար ստանան այլ կերպ: Այնպէս, որ «անտառին մէջ փայտահատի կացինի» առաւել եւս բենզասղոցի ձայնը չլսուի:

Այդ ծրագիրով Մեղրիէն քիչ հեռու (Իրանի հետ սահմանին) գտնուող Լիճք եւ Տաշտուն գիւղեր արդէն 70 թոն ծղօտ  ուղարկած են Դաւթեանէն: Հարցումներուն համաձայն` գիւղացիները բաւականին գոհ են նոր վառելիքէն:

«Եկէք համեմատենք որեւէ այլ սովորական վառելիքի հետ, այդպէս աւելի պարզ կ’ըլլայ», – կ’ըսէ Դաւթեան, – «Տեսէք, այսպիսի ծղօտներու 1 թոնը նոյնքան ջերմութիւն կու տայ, որքան 400 լիթր դիզվառելիքը: Սակայն 400 լիթր դիզվառելիքը 180 հազար դրամ է: Իսկ աղիւսաքարերու մէկ թոնը` 80 հազար: Այսինքն 2.5 անգամ աժան»:

Սակայն այստեղ ալ ան պատրաստ է վճարման տարբեր ձեւեր դիտարկել: Ներառեալ այնպիսի, որ քիչ մը նման է խորհրդային տարիներուն թափոններ  հաւաքելուն:

«Եթէ ինծի 3 թոն ծղօտ  բերեն, ես 1 թոն աղիւսաքար կը վերադարձնեմ եւ գումար չեմ խնդրեր: Գիւղացին անվճար վառելիք կը ստանայ, ես` անվճար հումք: Երկուքիս համար ալ  ատիկա լաւ է», –կը  ժպտի Դաւթեան:

«Նարեկն» արեւելահայերէն  թարգմանուած է. ծախսերը հոգացած է media magnet Արթուր Ջանիբեկեանը

Ի հարկէ, բացարձակ անվճար ամէն  պարագային  չստացուիր: Դաշտերէն պէտք է հաւաքել եւ մամլել ծղօտը: Սակայն որեւէ ծախսի պարագային,  քանի մը անգամ աւելի կարելի է տնտեսել:

Հումքը ան  պատրաստէ ոչ միայն անվճար ընդունիլ, այլեւ գնել: Այս տարբերակը նոյնպէս ձեռնտու է կողմերուն, ընդգծեց գործարարը:

Ոչ միայն յանուն անտառի, այլեւ յանուն ցորենի

«Հայաստանի պայմաններուն ցորեն աճեցնելն այնքան ալ շահաւէտ չէ: Իսկ հիմա հացամշակները թէեւ փոքր, բայց յաւելաւաստակ կ’ունենան: Իսկ հացաբոյսերու արտադրութիւնը պահպանելը նոյնպէս շատ կարեւոր է մեր երկրին համար», – աւելցուց ան:

Художественный руководитель Мариинского театра Валерий Гергиев  - Sputnik Արմենիա
Հայերու դերը Վալերի Կերկիեւի, որպէս երաժիշտ կայանալու հարցին մէջ

Ի հարկէ, դիզլն ու գազն ամէն տեղ չէ, որ կարելի է փոխարինել: Ինքնաշարժը աղիւսաքարով  սար չի բարձրանար: Սակայն վառարանը կամ ջեռուցման կաթսան բաւականին բնական կ’աշխատին, կը վստահեցնէ Դաւթեան:

Տեխնիկապէս միայն մէկ հարց կը մնայ: Վառելիքային աղիւսաքարը այրուելու համար աւելի շատ թթուածին  պէտք է, քան վառելափայտին: Ժամանակակից կաթսաներու մէջ ատիկա խնդիր չէ. այնտեղ օդի մատակարարումը կարելի է ինքնազօր կերպով կարգաւորել: Իսկ վառարանի մէջ կարելի է սովորական կրակացանց տեղադրել:

«Մենք սկսանք աշխատիլ 2017 թուականին: Առաջին ձմեռը` 2017-18 թուականներուն վաճառքը մեծ չէր: Իսկ ահա նախորդ ձմեռ գնորդներն արդէն աւելի շատ էին: Անոնց մէջ էին նաեւ Արմաւիրի մարզի Զարթօնք գիւղին մէջ` Մեծամօր քաղաքէն քիչ հեռու գտնուող երկու ջերմոցներու սեփականատէրը»,- կը պատմէ տնտեսվարողը:

Դաւթեանն իր առաջին արտադրութիւնը հիմնեց Զօրաւան գիւղին մէջ, Կոտայքի մարզի Եղուարդ քաղաքին մօտ:

Երկրորդը մտադիր է նոյնպէս Կոտայքի մէջ  բանալ, Բիւրեղաւանի մէջ (ՄԱԿ–ի ծրագիրներէն մէկուն աջակցութեամբ): Իսկ հիմա կը մտածէ նաեւ երրորդ արտադրամասի մասին` Տաւուշի մարզին մէջ: Անտառներն այստեղ շատ են եւ կարեւոր է, որ այդքան շատ ալ մնան:

Ծղօտը կը տաքցնէ բոլորին

Այո, կը պնդէ Դաւթեան: Հանրապետութեան մէջ մէկ տարուան ընթացքին աւելի քան 300 հազար թոն հացահատիկ կը հաւաքեն: Իսկ ամենամօտաւոր  գնահատականով ծղօտ դաշտին մէջ կը մնայ մօտաւորապէս  1.5 անգամ աւելի, քան ցորեն: Այսինքն (շատ մօտաւոր հաշուարկով) ծղօտը հանրապետութեան մէջ կը հաւաքուի 450 հազար թոն: Աղուսաքարեր կը ստացուի գրեթէ նոյնքան, քանի որ չորացնելու ժամանակ ծղօտը շատ քիչ կը կորսնցնէ իր կշիռը:

Визуальный художник Кеворк Мурад практикует свою технику рисования перед выступлением в своей студии Bushwick в Бруклине (20 июля 2011). Нью-Йорк - Sputnik Արմենիա
Սուրիահայ արուեստագէտ Գէորգ Մուրատը Բաբելոնի վեց մեթրանոց քանդակ մը կը ստեղծէ

Երրորդ արտադրամասը բանալու համար Դաւթեան պէտք է 6-7 մլն դրամ գտնէ. աղիւսաքարերու համար սեղմիչ գնէ: Ամսական այն շուրջ 250 թոն աղիւսաքար կ’արտադրէ:

Եթէ արտադրութիւնը հիմնուի, անոր հիմնադիրները ստիպուած կ’ըլլան կանոնաւոր կերպով շրջիլ Հայաստանով: Դաւթեան Երեւան կ’ապրի, իսկ արտադրամասը Զօրաւան գիւղին մէջ է, ամէն օր 25 քմ ճանապարհ կը կտրէ–կ’անցնի եւ ետ կը վերադառնայ: Հիմա նաեւ Բիւրական կ’երթայ, ուր պէտք է ըլլայ երկրորդ արտադրամասը: Իսկ եթէ յայտնուի նաեւ երրորդը, ապա ստիպուած կ’ըլլայ 130 քմ կտրել–անցնիլ ու հասնիլ Իջեւան:

Անոր գործընկերը եւս այստեղ պիտի գայ հեռուէն, գրեթէ 300 քմ հեռաւորութենէն` Ստեփանակերտէն: Արցախի անոր  ընտանիքը  քանի մը տարի առաջ նման արտադրութիւն  հիմնած է:

Բայց Դաւթեան ո՛չ դժուարութիւններէն կը վախնայ, ո՛չ ճանապարհներէն: Մասնագիտութեամբ ան ճարտարապետ չէ, այլ տնտեսագէտ: Սակայն այնքան տարի անցուցած է արտադրութեան մէջ, որ, ինչպէս ինք կ’ըսէ, սկսաւ բան մը  հասկնալ:

Հայաստանը ժողովրդագրական ճգնաժամի եզրի՞ն. որո՞նք են ՄԱԿ–ի կանխատեսումները

«Տեսայ, որ Ստեփանակերտի մէջ գործընկերներս թեփէն աղիւսաքարեր կ’արտադրեն: Հետաքրքրուեցայ, կարդացի: Պարզուեցաւ, որ ծղօտէն կարելի է ոչ պակաս վառելանիւթ ստանալ եւ անտառը հանգիստ ձգել: Ես չեմ գիտեր, որ արտերկրի մէջ  արդէն 40-50 տարի այդպէս  կ’ընեն: Բայց երբեք ուշ չէ սորվիլ», – կը ժպտի Դաւթեան:

Ինչպէս ըսինք, Դաւթեան դժուարութիւններէն չի վախնար, բայց ամենակարեւորը` ան նորութենէն չի վախնար: Գայլերէն վախնաս, ուրեմն անտառ պէտք չէ երթաս, համոզուած է ան: Անոր յամառութեան շնորհիւ, անտառ երթալ հնարաւոր կ’ըլլայ: Սակայն արդէն ոչ թէ կացինով, այլ ընկոյզ, հատապտուղ կամ խոտաբոյսեր հաւաքելու: Տաւուշի մարզի այս հարստութիւնը երբեք չաւարտուիր:

Լրահոս
0