00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
09:30
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:35
24 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
10:06
54 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
09:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
09:24
5 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
10:00
0 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
12:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Исторический ликбез
Первая биография Ивана IV. Кто и для кого ее писал?
15:04
24 ր
Исторический ликбез
Тиран или помазанник божий? Кем был Иван Грозный?
15:33
24 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Կազմողական վիրաբուժութեան 1-ին փրոֆէսորը. ինչպէ՞ս հայ բժիշկը Հարվըրտի մէջ հռչակաւոր դարձաւ

© Fair useВараздат Казанчян
Вараздат Казанчян - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Ո՞ր ոլորտին մէջ հայերը յաջողութիւններու հասած են. թերեւս աւելի հեշտ է հակառակ հարցադրման պատասխանել, որովհետեւ պատմութիւնն ու, ինչպէս մենք կ’ըսենք, հայու ճակատագիրը ստիպած են ամբողջ աշխարհով մէկ ցրուած մեր հայրենակիցներուն տարբեր ոլորտներու մէջ մասնագիտանալու, տարբերուելու, աշխատելու աւելի շատ, քան տուեալ երկրի տեղացիները կ’ընեն` կեանքի մէջ յաջողելու համար:

Մարիաննա Փայտեան

Այս պատմութիւնը բժիշկ Վարազդատ Ղազանչեանի մասին է, որ իր նորարար, յեղափոխական մօտեցումներու շնորհիւ յաճախ կը համարուի ժամանակակից կազմողական վիրաբուժութեան հիմնադիրը:

Ան ծնած է Երզնկա, 12 տարեկանին կորսնցուցած է հօրն ու ստիպուած եղած է աշխատելու` ընտանիքին օգնելու համար: Արեւմտեան Հայաստանի մէջ իրավիճակն օրէ օր կը վատթարանար, 15 տարեկանին կը յաջողի փախչիլ համիտեան ջարդերէն եւ ապաստան գտնել Մարսէլի մէջ, կարճ ժամանակ անց կը տեղափոխուի Նիւ Եորք, այդտեղէն ալ` Կեդրոնական Մասաչուսէթս:

Գոյատեւելու համար Վարազդատ կ’աշխատէր տարբեր գործարաններու մէջ որպէս բանուոր:

© Photo : Centre dor Armenian Information and AdviceԱՄՆ Մասաչուսէթս նահանգին մէջ Վարազդատ Ղազանչեանի գրանցման քարտը
Կազմողական վիրաբուժութեան 1-ին փրոֆէսորը. ինչպէ՞ս հայ բժիշկը Հարվըրտի մէջ հռչակաւոր դարձաւ - Sputnik Արմենիա
ԱՄՆ Մասաչուսէթս նահանգին մէջ Վարազդատ Ղազանչեանի գրանցման քարտը

Ծանր աշխատանքը չէր խանգարեր անոր զբաղուելու ինքնակրթութեամբ, միշտ իր հետ գիրքեր կը տանէր աշխատավայր, երբ ժամանակ կ’ըլլար, կը կարդար: Կրթութեան ձգտումն այնքան մեծ էր, որ ան երեկոյեան դպրոց կը յաճախէր, նաեւ անգլերէնի մասնաւոր դասեր կ’անցնէր:

Федерико Тарабелла с супругой и сыном - Sputnik Արմենիա
«Ֆանտաստիկ երկիր է». Ինչո՞ւ իտալացին կը ցանկայ որդին մեծցնել Հայաստանի մէջ

Քանի մը տարի անց ան կը տեղափոխուի Պոսթըն եւ կ’ընդունուի Հարվըրտի Ատամնաբուժական դպրոց: Կարճ ժամանակուան մէջ Ղազանչեան կը յաջողի տաղանդաւոր ուսանողի համբաւ ձեռքբերել եւ աշխատանքի անցնիլ Հարվըրտի մէջ սկիզբը որպէս օգնական, այնուհետեւ 1915-ին կը դառնայ Հարվըրտի գլխաւոր ատամնաբոյժը:

Առաջին աշխարհամարտի տարիներն էին: Անոր խնդրեցին ամերիկացի բժիշկներու խումբի կազմին մէջ մեկնիլ Ֆրանսա` պատերազմի հետեւանքով վիրաւոր զինուորներուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար: Այս տարիներուն էր, որ բժիշկ Ղազանչեան սկսաւ համատեղել արհեստական ատամներու ու դիմածնօտային վերականգնողական եւ կազմողական վիրահատութիւնները: Ան դարձաւ դաշնակիցներու բանակի ամենաճանչցուած վիրաբոյժը: Անոր հեղինակութիւնը շատ արագ կը մեծնար: Ֆելտմարշալ սըր Ճոն Ֆրենչը բարձր գնահատեց անոր ծառայութիւնը, այդ փաստաթուղթն անձամբ Ուինսթըն Չերչըլը ստորագրած է: 1916-ին զինք կը շնորհեն հրամանատար մայորի կոչում, նոյն տարին ան կը ստանայ նամակ լորտ Չեմպերլէյնէն, որմով վերջինս կը հրահանգէր Ղազանչեանին ներկայանալ Լոնտոն` Պուքինկհեմեան պալատ, ուր Մեծ Բրիտանիոյ Ճորճ 5-րդ արքան անոր կ’արժանացնէ Սուրբ Միքայէլի եւ Սուրբ Գէորգի շքանշանի ասպետի կոչման:

© Photo : Centre dor Armenian Information and AdviceՎարազդատ Ղազանչեան Պուքինկհեմեան պալատին մէջ Մեծ Բրիտանիոյ Ճորճ 5-րդ արքայէն Սուրբ Միքայէլի եւ Սուրբ Գէորգի շքանշանի ասպետի կոչման արժանանալէն ետք
Կազմողական վիրաբուժութեան 1-ին փրոֆէսորը. ինչպէ՞ս հայ բժիշկը Հարվըրտի մէջ հռչակաւոր դարձաւ - Sputnik Արմենիա
Վարազդատ Ղազանչեան Պուքինկհեմեան պալատին մէջ Մեծ Բրիտանիոյ Ճորճ 5-րդ արքայէն Սուրբ Միքայէլի եւ Սուրբ Գէորգի շքանշանի ասպետի կոչման արժանանալէն ետք

Ղազանչեան Եւրոպայի մէջ ծառայութիւնը կը շարունակէ մինչեւ 1918․ եւ իր օգնականին հետ միասին Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն կ’իրականացնէ գրեթէ 3000 դիմածնօտային վիրահատութիւններ․ անոր կ’անուանէին Արեւմտեան ճակատի «հրաշագործ (վունտեր) բժիշկ»:

Пресс-конференция Тиграна Мансуряна (25 января 2019). Еревaн - Sputnik Արմենիա
ԱՄՆ–ի մէջ Մանսուրեանի անուան մրցանակ կու տան` հայկական թեմայով ստեղծագործութեան համար

Յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները բժիշկ Ղազանչեանին չստիպեցին մոռնալ հայկական ծագումը: 1920-ին ան քաղաքական առաքելութեամբ մեկնեցաւ Ուաշինկթըն` ներկայացնելու Հայաստանը, քանի որ ԱՄՆ կառավարութեան մէջ կը քննարկուէր Հայաստանի Հանրապետութեան տէ ֆակտօ ճանաչման հարցը:

Բժիշկ Ղազանչեան շարունակեց իր բժշկական ուսումնասիրութիւնները Հարվըրտի մէջ: Յայտնի բժիշկ Մարտին Տէրանեան Վարազդատ Ղազանչեանի մասին գիրք գրած է` վերնագրելով «Արեւմտեան ճակատի հրաշագործը». իր յիշողութիւններուն մէջ ան կը գրէ, որ Ղազանչեան պարզապէս սովորական ուսանող էր մինչեւ այն օրը, երբ բրիտանացի երկու անուանի վիրաբոյժներ եկան Հարվըրտ, փորձի փոխանակման, ինչպէս հիմա կ’ըսեն` սեմինարի, որուն ընթացքին ցուցադրեցին նաեւ իրենց կողմէ կիրառուող բժշկական նորարարական մեթոտները:

© Photo : Centre dor Armenian Information and Advice«Արեւմտեան ճակատի հրաշագործը» գիրքի շապիկը
Կազմողական վիրաբուժութեան 1-ին փրոֆէսորը. ինչպէ՞ս հայ բժիշկը Հարվըրտի մէջ հռչակաւոր դարձաւ - Sputnik Արմենիա
«Արեւմտեան ճակատի հրաշագործը» գիրքի շապիկը

«Երբ անոնք հանդիսատեսի շարքերուն նկատեցին Ղազանչեանը, բառին բուն իմաստով նետուեցան անոր վրայ եւ քաշեցին բեմ` ըսելով, որ այն տեխնիկան, որ հէնց նոր ցուցադրեցին, իրենց սորվեցուցած է բժիշկ Ղազանչեանը: Այդ օրուընէ ան Հարվըրտի մէջ հերոս դարձաւ»:

Старый советский автобус - Sputnik Արմենիա
Ինչպէս սովետական հին հանրակառքը կը դառնայ հիւրանոց. հայաստանեան հանգիստի նորաձեւութիւնը

Անդրադառնալով բժիշկ Ղազանչեանին` մէկ այլ յայտնի հայազգի վիրաբոյժ Արա Թերզեան, որ եղած է Մեծ Բրիտանիոյ առողջապահութեան նախարար, գրած է․ «Ես հպարտութիւն զգացի, երբ իմացայ Ղազանչեանի մասին: Բրիտանիոյ մէջ անոր մասին առասպելներ կը պատմէին․․․ Անոր աշխատանքները ժամանակակից կազմողական վիրաբուժութեան աստուածաշունչն են»: 1921-ին Ղազանչեան Հարվըրտի համալսարանին մէջ ստացաւ բժշկութեան դոկտորի, իսկ 1922-ին` դիմածնօտային վիրաբուժութեան փրոֆէսորի կոչումներ: Ան Հարվըրտի մէջ կազմողական վիրաբուժութեան բնագաւառին մէջ գիտական կոչումներու արժանացած առաջին գիտնականն էր: 1925-էն համալսարանին մէջ ան կը սկսի սեփական դասընթացքը վարել` միաժամանակ որպէս գործող բժիշկ աշխատելով նահանգներու տարբեր բժշկական կեդրոններու մէջ:
Ան նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ առաջինն էր, որ գիրքեր հրատարակեց կազմողական վիրաբուժութեան մասին: Տարիներու ընթացքին հեղինակած է գրեթէ 700 գիտական աշխատութիւն: Անոր գիրքերն ու գիտական յօդուածները ԱՄՆ-ի մէջ դարձած են ուսումնական դասական գրականութիւն:

Отставной главный старшина ВМФ США Анна Дер-Вартанян (слева) пожимает руку отставному генерал-майору ВВС Жанне Холм во время церемонии Дня памяти, состоявшейся в Мемориале женщины на военной службе в Америке (26 мая 2008). Арлингтон, Вирджиния - Sputnik Արմենիա
Հայուհին ԱՄՆ–ի մէջ դարձած է առաջինը. ինչպէս Տէր–Վարդանեանը նուաճած է ամերիկեան նաւատորմը

1940-ին ան ընտրուեցաւ կազմողական վիրաբոյժներու ամերիկեան ընկերակցութեան նախագահ: Իր վայելած հեղինակութեան շնորհիւ Ղազանչեան երկու յայտնի հիւանդ ունեցաւ` մէկը օդաչու Ֆրենք Հոուքսը, միւսը` յայտնի հոգեբան Զիգմունտ Ֆրոյտը․ բժիշկ Ղազանչեան յարդարած է քաղցկեղի հետեւանքով վնասուած Ֆրոյտի ծնօտը: Յայտնի հոգեբանը բժիշկին «հրաշագործ» անուանեց:

1979-ին ան արժանացաւ Նիլ Ոուէնի մրցանակի կազմողական եւ վերականգնողական վիրաբուժութեան ոլորտին մէջ: Բժիշկ Ղազանչեան շարունակած է աշխատիլ մինչեւ 85 տարեկան եւ կեանքէն հեռացած է 1974-ին` 95 տարեկանին: Գրեթէ 50 աշխատանքային տարիներու ընթացքին իւրաքանչիւր վիրահատութենէ ետք ան հաւաքած է ծնօտի, ոսկորներու գաճաքարէ կրկնօրինակներ. հիմա ամբողջ հաւաքածուն, որ կ’ընդգրկէ գրեթէ 5000 ցուցանմուշ, ներկայացուած է Հարվըրտի համալսարանի Ղազանչեանի անունը կրող սրահին մէջ:

Լրահոս
0