00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
09:30
6 ր
Ուղիղ եթեր
09:37
23 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
10:08
32 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
9 ր
Աբովյան time
On air
18:27
33 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
09:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
09:30
4 ր
Ուղիղ եթեր
Ուրիշ նորություններ
09:35
3 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
10:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Ուրիշ նորություններ
10:47
5 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Զինադադարէն 25 տարի ետք, հակամարտութեան գօտիին մէջ նախկինին նման կը հնչեն կրակոցներ

© Sputnik / Asatur YesayantsВладимир Казимиров на заседании армяно-российского Лазаревского клуба (30 ноября 2018). Еревaн
Владимир Казимиров на заседании армяно-российского Лазаревского клуба (30 ноября 2018). Еревaн - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Չնայած` Պիշքեքի մէջ ստորագրուած հրադադարի պայմանագիրը անժամկէտ էր, այն չէ կրցած ապահովել իրական եւ երկարաժամկէտ հրադադար, կը կարծէ դիւանագէտ Վլատիմիր Կազիմիրով:

ԵՐԵՒԱՆ, 13 մայիսի — Sputnik, Աշոտ Սաֆարեան. Պիշքեքի մէջ ստորագրուած եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ աշխոյժ մարտական գործողութիւններուն վերջ դրած փաստաթուղթը մայիս 12–ին դարձաւ 25 տարեկան:

Стамбул, Турция - Sputnik Արմենիա
Թուրքիոյ մէջ հայ տղան բռնի իսլամութիւն ընդունած է. ի՞նչ պէտք է ձեռնարկէ ՀՀ իշխանութիւնը

Ատիկա  բաւական ծանրակշիռ ժամկէտ է, որ թոյլ կու տայ ամփոփել, մեղմ խօսքով, ոչ սփոփիչ արդիւնքները:

Չնայած` պայմանագիրն անժամկէտ էր, այն ի զօրու չեղաւ ապահովել իրական եւ երկարաժամկէտ զինադադար: Հակամարտութեան գօտիին մէջ նախկինին նման կը հնչեն կրակոցներ,  իսկ 2016–ի ապրիլին ատոնք քիչ կը մնար վերածուէին լայնածաւալ  պատերազմի, բայց որեւէ երաշխիք չկայ, որ երեք տարուան վաղեմութեան դէպքերը չեն կրկնուիր:

Ատոր հետ համաձայն է նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ռուսաստանցի համանախագահ Վլատիմիր Կազիմիրով: Ականաւոր դիւանագէտը հրադադար կնքելու գործընթացին կարեւոր դէմք էր:

© Sputnik / Asatur YesayantsՎլատիմիր Կազիմիրով
Զինադադարէն 25 տարի ետք, հակամարտութեան գօտիին մէջ նախկինին նման կը հնչեն կրակոցներ - Sputnik Արմենիա
Վլատիմիր Կազիմիրով

Sputnik Արմենիայի հետ հարցազրոյցին Կազիմիրովը խոստովանեցաւ, որ այդ ժամանակ` 25 տարի առաջ, ոչ մէկը կրնար  պատկերացնել, որ հակամարտութիւնն այդքան կը ձգձգուի:

Президент Сирии Башар Асад принял Католикоса Великого Дома Киликийского Арама Первого (14 мая 2019). Сирия - Sputnik Արմենիա
Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատին

«Միջնորդները յոյս ունէին, որ Պիշքեքի մէջ ստորագրուած հրադադարի պայմանագիրին կը հետեւին անժամկէտ հիմքով: Բայց, ինչպէս ցոյց տուին յետագայ տարիներու իրադարձութիւնները, անոնք սխալեցան», – ըսաւ դիւանագէտը:

Կազիմիրով ձգձգելու հիմնական պատճառը կը տեսնէ Պաքուի պահուածքին մէջ: Անոր խօսքով` անյաջողութիւն կրելով այդ պատերազմին ընթացքին` Ատրպէյճան հայրենասիրութեան արհեստական դրսեւորումներու կարիքը ունի:

«Բայց այդ հայրենասիրութիւնը ցուցադրական բնոյթ կը կրէ: Իշխանութիւնն ամրապնդելու համար պաշտօնական Պաքուն փաստացի կը խաբէ ժողովուրդը` փորձելով համոզել, որ, եթէ ոչ այսօր, ապա վաղը մենք ամէն ինչ կը վերցնենք», – կ’ըսէ Կազիմիրով:

Площадь Республики Армении - Sputnik Արմենիա
Մեսչեանը հետաքրքրուած է․ Հանրապետութեան հրապարակի ստորգետնեայ քաղաքը կը բանա՞ն

Ինչպէս նշեց մեր զրուցակիցը, ան շատ կ’ուզեր, որ հակամարտութեան կողմերն այսօր կարենային մշակել կարգաւորման այնպիսի սենար, որն ընդունելի կ’ըլլար բոլոր երեք կողմերուն` Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի համար: Վերջին շրջանին փոխադարձ ընդունելի սենարի մասին յաճախ կը խօսի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Բայց Կազիմիրովի խօսքով` համակարծիք ըլլալով ՀՀ վարչապետին հետ, ան մեծ պատրանքներ չունի:

«Նախորդ 25 տարիները յոյս չեն ներշնչեր: Անընդհատ հարկ կ’ըլլայ մտածել, թէ չանցնիր արդեօք յուսալի կարգաւորման հարցը միւս սերունդներուն: Չեմ կրնար ըսել` Պաքուի մէջ կը լսուի՞ն Փաշինեանի խաղաղութեան կոչերը: Այստեղ կան բազմաթիւ ներքաղաքական երեւոյթներ, որոնք հիմա չեմ կրնար քննարկել», – աւելցուց դիւանագէտը:

Высшее руководство страны в мемориальном комплексе Цицернакаберд (24 апреля 2019). Еревaн - Sputnik Արմենիա
Առաջին անգամ Մեքսիքայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութիւն մը կ’ընդունուի

Կազիմիրով կը յիշէ, որ Պիշքեքի զինադադարէն դեռ մէկ ամիս առաջ` 1994–ի ապրիլ 15–ին, ընդունուած է ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու համատեղ յայտարարութիւնը: Այնտեղ յատուկ նշուած է, որ կը պահանջուի ոչ միայն հրադադարի դադարեցում, այլ նաեւ ատոր յուսալի ամրագրում:

«Մինչեւ հիմա յուսալի ամրագրում չկայ: Բայց այդ արտայայտութիւնը կ’ըսէր, որ առանց հրադադարի յուսալի ամրագրման չի կարելի անցնիլ ողբերգական հակամարտութեան հետեւանքներու վերացման», – նշեց նախկին համանախագահը:

Անոր խօսքով` հակամարտութեան հետեւանքներու վերացումը կ’ենթադրէր տարածքներու վերադարձ, որոնք մարտական գործողութիւններու ընթացքին կողմերէն որեւէ մէկը գրաւած էր: Այն նաեւ կը նախատեսէր փախստականներու եւ հարկադիր տեղաշարժուածներու վերադարձ:

Фестиваль толмы сопровождался народными песнями и танцами (20 мая 2018). Село Хнаберд, Араратская область - Sputnik Արմենիա
Որքա՞ն հին է հայերու genofond-ը, եւ ինչո՞ւ DNA-ի քննութիւնը նորելուկ դարձած է

«Բայց այդ ամէնը, կրկնեմ, հրադադարը յուսալի կերպով ամրապնդելէ յետոյ: Այսօր, նշելով զինադադար ստորագրելու 25–ամեակը, մենք չենք տեսներ հրադադարի այդ յուսալի ամրապնդումը», – նշեց ան:

Կազիմիրով խնդրի վերջնական լուծումը չի պատկերացներ առանց գործընթացին Ստեփանակերտի մասնակցութեան: Պատճառը շատ պարզ է. խօսքն առաջին հերթին Արցախի ճակատագրի, անոր բնակիչներու անվտանգութեան մասին է: Դիւանագէտը հնարաւոր չի համարեր այդ հարցը ղարաբաղցիներու մէջքին ետեւը լուծելը:

Յիշեցնենք, որ Պիշքեքի համաձայնագիրը ստորագրած են Հայաստանի, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարները եւ Արցախի ՊԲ հրամանատարը: Նախօրօք ստորագրման 25–ամեակին հետ կապուած ուղերձին մէջ Փաշինեան կրկին յայտարարած է, որ հակամարտութեան լիարժէք կարգաւորումը հնարաւոր է միայն այն պարագային, եթէ Լեռնային Ղարաբաղը ներգրաւուի բանակցային գործընթացին, որն ի վերջոյ կ’որոշէ անոր կարգավիճակը եւ կ’ապահովէ այնտեղ ապրող մարդոց անվտանգութեան երաշխիքները:

Լրահոս
0