00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
09:30
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:35
24 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
10:06
54 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
7 ր
Исторический ликбез
Первая биография Ивана IV. Кто и для кого ее писал?
15:04
24 ր
Исторический ликбез
Тиран или помазанник божий? Кем был Иван Грозный?
15:33
24 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

«Կարէնը երբեք չեմ մոռնար». որդիին մահէն ետք մայրը երկուորեակ տղաներ լոյս աշխարհ բերաւ

© Photo : provided by Danielyan's familyТину Торосян с близнецами выписали из больницы
Тину Торосян с близнецами выписали из больницы - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Սփիւռքի մեր սիրելի ընթերցողներ, Sputnik Արմենիան կշարունակե իր հրապարակումները մատուցել արեւմտահայերէնով եւս, որպէսզի աշխարհաբարի արեւմտեան ճիւղի կրողներուն համար աւելի մատչելի դառնան մեր նիւթերը:

Նանա Մարտիրոսեան, Sputnik Արմենիա

Թալիշի մէջ զոհուած Կարէն Դանիէլեանի մայրը վերջերս երկուորեակ տղաներ լոյս աշխարհ բերաւ: Անոնք ընտանիքին երկրորդ կեանք նուիրեցին, փրկեցին յուսալքութենէ ու վհատութենէ: Երեխաները անուանեցին վաղաժամ կեանքէն հեռացած որդիի պատուին, ի դէպ` երկուքն ալ: Զինուոր Կարէն Դանիէլեանը պէտք է զօրացրուէր 2018 թուականի յունուար 16-ին, բայց... չհասցուց:

© Sputnik / Aram NersesyanԹինա Թորոսեան
«Կարէնը երբեք չեմ մոռնար». որդիին մահէն ետք մայրը երկուորեակ տղաներ լոյս աշխարհ բերաւ - Sputnik Արմենիա
Թինա Թորոսեան

2017 թուականի մայիսին զոհուեցաւ Թալիշի մէջ: 2019 թուականի յունուար 17-ին զոհուած զինուորին մայրը` Թինա Դանիէլեանը, երկուորեակ տղաներ լոյս աշխարհ բերաւ: Այդ հրաշքը գրեթէ համընկաւ Կարէնի ենթադրեալ զօրացրման օրուան հետ: Տղաները անուանեցին աւագ եղբօր պատուին` Կարէն եւ Նարեկ: Այդպէս ծնողները որոշեցին լրացնել որդիին մահուան յաջորդած դատարկութիւնը եւ յաղթահարել կորուստի ցաւը:

«Եթէ Նարեկ անուան առաջին եւ վերջին տառերուն տեղերը փոխես, կը ստացուի Կարէն: Կ՛ուզէի աջ ու ձախ նայիլ եւ տեսնել որդիս: Աստուած լսեց ինծի, ես դարձեալ գրկեցի անոր», – կ՚ըսէ Թինան եւ խորը շունչ կը քաշէ, որպէսզի չհեծկլտայ: Գիրքերու մէջ շատ կարդացած եմ մարդոց մասին, որոնք մէկ աչքով կու լան, միւսով` կը ծիծաղին:

© Photo : provided by Danielyan's familyԹինա Թորոսեան
«Կարէնը երբեք չեմ մոռնար». որդիին մահէն ետք մայրը երկուորեակ տղաներ լոյս աշխարհ բերաւ - Sputnik Արմենիա
Թինա Թորոսեան

Ոչ մէկ ձեւով չէի կրնար հասկնալ` ինչպէս նման բան հնարաւոր է, քանի դեռ սեփական աչքերով չէի տեսած: Թինան ցած եւ ժամանակ առ ժամանակ ընդհատուող ձայնով կը պատմէ, որ տղաներն ամբողջութեամբ փոխած են իր կեանքը, որ առաջինը ծնած է Կարէնը առաւօտեան ժամը 09:30–ին, իսկ Նարեկն` աւելի ուշ` մօտաւորապէս ժամը 10-ին, բայց ուրախութենէն յստակ ժամը չի յիշեր:

Մայրը կ՛ըսէ, որ Նարեկն աւելի շատ նման է աւագ Կարէնին, թէեւ անոր պատուին միւսն անուանած են: Որպէս իր խօսքերուն ապացոյց` կը նայի լուսամուտի գոգին դրուած լուսանկարին, եւ ժպտացող դէմքին անմիջապէս կը յայտնուին արցունքներ: Յետոյ կը հանգստանայ եւ կը պատմէ, թէ ինչպէս այն օրը, երբ որդին պէտք է տուն վերադառնար, երազին մէջ հեռախօսով խօսած է հետը: Խոստացած էր վերադառնալ, նոյնիսկ հագուստ խնդրած էր:

© Photo : provided by Danielyan's familyԹինա Թորոսեան
«Կարէնը երբեք չեմ մոռնար». որդիին մահէն ետք մայրը երկուորեակ տղաներ լոյս աշխարհ բերաւ - Sputnik Արմենիա
Թինա Թորոսեան

Որոշած էին իրեն երկու զոյգ ներքնաշոր ուղարկել: Թինան կը լռէ արցունքները մաքրելու համար: Անոր շատ նմանող կին մը, ոը մօտ 20 տարիով մեծ է (յետոյ կ՚իմանանք, որ անոր մայրն է), կը բացատրէ երազի նշանակութիւնը: Կ՛ըսէ, եթէ յղի կինը երազին մէջ ներքնազգեստ կը տեսնէ, կը նշանակէ` տղայ պիտի ծնի: Եւ Կարէնը վերածնունդի միջոցով անոնց մօտ վերադարձաւ:

Յամէնայնդէպս, ծնողները այդպէս համոզուած են: «Անոր երբեք չեմ մոռնար, բայց այս փոքրիկները որոշակի առումով մխիթարեցին ինծի: Կ՚ուզեմ, որ տղաները Կարէնին նման ըլլան եւ՛ արտաքնապէս, եւ՛ բնաւորութեամբ... միայն թէ ոչ ճակատագրով», – կ՛ըսէ Թինան` անդադար նայելով որդիին լուսանկարին:

© Photo : provided by Danielyan's familyՈրդիին մահէն ետք մայրը երկուորեակ տղաներ լոյս աշխարհ բերաւ
«Կարէնը երբեք չեմ մոռնար». որդիին մահէն ետք մայրը երկուորեակ տղաներ լոյս աշխարհ բերաւ - Sputnik Արմենիա
Որդիին մահէն ետք մայրը երկուորեակ տղաներ լոյս աշխարհ բերաւ

Այդ դէպքէն ետք դառնացած հայրը նոյնպէս կեանքը զերոյէն սկսաւ: Որդիներուն ծնելէն ետք ուշքի եկաւ եւ նոյնիսկ սկսաւ վերանորոգել բնակարանը: Սարիբէկը չուզեր տղաները բերել տուն մը, որ վիշտի մէջ կորած է: Ան փոքրիկներուն համար գեղեցիկ ու լուսաւոր, ծիծաղով լի օճախ կը պատրաստէ:

Քոյրը` 21 տարեկան Թամուշիկը, նոյնպէս անհամբերութեամբ կը սպասէ եղբայրներուն: Ան խոստացած է մօրն օգնել տղաները խնամելու հարցով: Բոլոր բարեկամներն ու հարազատները ուրախացած են այս ընտանիքին համար: Յատուկ վերաբերմունք կը զգացուի նոյնիսկ հիւանդանոցէն ներս:

© Sputnik / Aram NersesyanԹինա Թորոսեան
«Կարէնը երբեք չեմ մոռնար». որդիին մահէն ետք մայրը երկուորեակ տղաներ լոյս աշխարհ բերաւ - Sputnik Արմենիա
Թինա Թորոսեան

Թինայի հիւանդասենեակին մէջ ծաղիկներ դրուած են, մահճակալներէն մէկուն վրայ երկու մեծ արջուկներ կան, իսկ բուժքոյրերը մեզ ժպիտով կ՚ուղեկցին թերքաշ երեխաներու բաժին (մէկը 2100 կրամ ծնած է, միւսը` 1700 կրամ): Թինան մեզի կը ծանօթացնէ տղաներուն հետ: Անոնք իսկապէս նման են, բայց ուշադիր նայելու պարագային կարելի է տարբերել:

Մայրը մէկ երեխային մօտ կը վազէ, մէյ մը` միւս: Եւ անդադար ինչ–որ բան կը շշնջայ: Դուրս կու գանք այդ տարածքէն եւ մանկական ճիչ կը լսենք: Մեր փոքրիկները չեն: Հաստատ կեանք մը եւս ծնաւ:

Լրահոս
0