00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
09:30
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:35
24 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
10:06
54 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
09:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
09:24
5 ր
Ուղիղ եթեր
12:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Исторический ликбез
Первая биография Ивана IV. Кто и для кого ее писал?
15:04
24 ր
Исторический ликбез
Тиран или помазанник божий? Кем был Иван Грозный?
15:33
24 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Բժշկական հրաշք. գանգուղեղի ծանր վնասուածքով երկու տարեկան Նարեկի փրկութեան պատմութիւնը

© Photo : official site of Yerevan municipalityԲժշկական հրաշք. գանգուղեղի ծանր վնասվածքով 2-ամյա Նարեկի փրկության պատմությունը
Բժշկական հրաշք. գանգուղեղի ծանր վնասվածքով 2-ամյա Նարեկի փրկության պատմությունը - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
«Նարեկն իմ առաջին հիւանդներէն է, որ հրաշքով փրկուած է: Կրնամ վստահօրէն ըսել, որ այս արդիւնքին մէջ շատ մեծ դեր խաղցած է հաւատքը», վիրաբոյժ Նառա Լալազարեան:

ԵՐԵՒԱՆ, 21 մարտի-Sputnik. Սուրիահայ Գեւոներու` Գէորգեաններու ընտանիքը 6 տարի առաջ գաղթեց Հայաստան: Հէնց այստեղ ալ ծնաւ անոնց երկրորդ ու երկար սպասուած երեխան: 2-ամեայ Նարեկը երեք ամիս առաջ տունին մէջ սայլակէն վար կ’իյնայ եւ կը կորսնցնէ գիտակցութիւնը: Երեխան շտապօգնութիւնը կը տեղափոխէ Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեան «Սուրբ Աստուածամայր», բժշկական կեդրոն: Այս մասին  կը տեղեկանանք Երեւանի քաղաքապետարանի պաշտօնական կայքէն:

«Երեխան անյաջող  կերպով  ինկած էր եւ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ էր: Գանգուղեղին մէջ կամրջային երակները կտրուած էին եւ ծաւալային արիւնազեղում` (հեմատոմա)  յառաջացուցած», – կը նշէ բժշկական կեդրոնի վիրաբուժական բաժանմունքի վարիչ Մարգար Մարտիրոսեան:

© official site of Yerevan municipalityՍուրիահայ Գեւոներու` Գէորգեաններու ընտանիքը 6 տարի առաջ գաղթեց Հայաստան
Բժշկական հրաշք. գանգուղեղի ծանր վնասուածքով երկու տարեկան Նարեկի փրկութեան պատմութիւնը - Sputnik Արմենիա
Սուրիահայ Գեւոներու` Գէորգեաններու ընտանիքը 6 տարի առաջ գաղթեց Հայաստան

Հիւանդանոց տեղափոխուելու օրը աւելի քան 3 ժամ տեւողութեամբ բարդ վիրահատութիւնը յաջող անցաւ, թէեւ երեխայի ապրելու հնարաւորութիւնը կը գնահատուէր ընդամէնը 1 տոկոս:

«Բաւական լայն մուտք կատարուեցաւ, հեռացուեցաւ արիւնակոյտը: Մենք կը հասկնայինք, որ եղածը բաւարար չէ, եւ հնարաւոր է ուղեղի այտուց յառաջանայ: Ատոր համար հեռացուած ոսկրային մասը սառեցուեցաւ եւ պահուեցաւ», – կը նշէ Մարգար Մարտիրոսեան:

© official site of Yerevan municipalityԲժշկական հրաշք. գանգուղեղի ծանր վնասուածքով երկու տարեկան Նարեկի փրկութեան պատմութիւնը
Բժշկական հրաշք. գանգուղեղի ծանր վնասուածքով երկու տարեկան Նարեկի փրկութեան պատմութիւնը - Sputnik Արմենիա
Բժշկական հրաշք. գանգուղեղի ծանր վնասուածքով երկու տարեկան Նարեկի փրկութեան պատմութիւնը

«Բժիշկները շատ չեն ըսեր, որ կը հաւատան հրաշքներու, բայց այս պարագային իսկապէս բժշկական հրաշք էր»,- կը նշէ «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոնի տնօրէն Նիկոլա Դալլաքեան:

Բժիշկները յաղթեցին, բայց կեանքի համար պայքարը շարունակուեցաւ նաեւ յաջորդող երեք շաբաթներուն:

«Երկար ժամանակ` մօտ 20 օր, երեխան վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ էր` արհեստական շնչառութեամբ: Չէր տեսներ, չէր զգար եւ չէր արձագանքեր: Մասնագէտներու աջակցութեամբ հետզհետէ այդ ամէնը յաղթահարեցինք», – կը նշէ Նարեկին հայրը` Ներսէս Գեւոն:

© official site of Yerevan municipalityԲժշկական հրաշք. գանգուղեղի ծանր վնասուածքով երկու տարեկան Նարեկի փրկութեան պատմութիւնը
Բժշկական հրաշք. գանգուղեղի ծանր վնասուածքով երկու տարեկան Նարեկի փրկութեան պատմութիւնը - Sputnik Արմենիա
Բժշկական հրաշք. գանգուղեղի ծանր վնասուածքով երկու տարեկան Նարեկի փրկութեան պատմութիւնը

«Բժիշկներուն շնորհիւ երեխաս 2-րդ ծնունդ ունեցաւ: Մենք ընդհանրապէս յոյս չունէինք, որ ինք կը վերականգնուի: Կ’ըսէին` կրնայ փրկուիլ, բայց ոչ լիարժէք եւ հաշմանդամ կ’ըլլայ, բայց ոչ, արդիւնքը կը տեսնենք»,- կը նշէ երեխային մայրը` Աստղիկ Մուրատեանը:

Вараздат Казанчян - Sputnik Արմենիա
Կազմողական վիրաբուժութեան 1-ին փրոֆէսորը. ինչպէ՞ս հայ բժիշկը Հարվըրտի մէջ հռչակաւոր դարձաւ

Ապաքինման դրական փոփոխութիւնները տեսանելի էին ամէն օր: Սակայն բժիշկներուն համար Նարեկի պատմութիւնն աւարտուած չէր: Մարտ 7-ին կատարուեցաւ երկրորդ վիրահատութիւնը եւ գանգոսկրի հեռացուած հատուածը վերատեղադրուեցաւ:

Այսօր Նարեկն արդէն կը ժպտի, կը հասկնայ ամէն ինչ ու կը փորձէ խօսիլ:

«Նարեկն իմ առաջին հիւանդներէն է, որ հրաշքով փրկուած է: Կրնամ վստահօրէն ըսել, որ այս արդիւնքին մէջ շատ մեծ դեր  խաղցած է հաւատքը: Հիմա արդէն կը պայքարինք կեանքի որակի համար»,- կ’ըսէ վիրաբոյժ Նառա Լալազարեան:

Բժիշկները վստահ են, որ վերականգնողական կեդրոններուն մէջ բուժումը շարունակելէ յետոյ Նարեկը կրնայ լիարժէքօրէն կեանք վերադառնալ:

© official site of Yerevan municipalityԲժշկական հրաշք. գանգուղեղի ծանր վնասուածքով երկու տարեկան Նարեկի փրկութեան պատմութիւնը
Բժշկական հրաշք. գանգուղեղի ծանր վնասուածքով երկու տարեկան Նարեկի փրկութեան պատմութիւնը - Sputnik Արմենիա
Բժշկական հրաշք. գանգուղեղի ծանր վնասուածքով երկու տարեկան Նարեկի փրկութեան պատմութիւնը

Նարեկի պատմութիւնը մէկն է այն հարիւրաւորներէն, որոնց մասին քիչերը գիտեն: «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոնի անձնակազմը կը պայքարի ու բժշկական հրաշքներ կը գործէ:

«Բժշկական կեդրոնն ամէն տարի կը սպասարկէ աւելի քան 10 հազար երեխայի: Քառակի, հնգակի աւելի է բուժարաններու ծառայութիւններէն օգտուողներու թիւը», – կը նկատէ Նիկոլա Դալլաքեան:

Լրահոս
0