00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:25
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:30
31 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
10:05
36 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
6 ր
Տեր Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանյան
13:07
0 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
7 ր
Տեր Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանյան
17:08
0 ր
Տեր Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանյան
17:12
2 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:25
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
10:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Ուրիշ նորություններ
10:47
5 ր
Ուղիղ եթեր
Մամուլի տեսություն
10:52
17 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
11:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Բացուած է Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան

© Sputnik / Илья Питалев / Անցնել մեդիապահոցРабота за компьютером
Работа за компьютером - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան բաց է բոլորիս համար: Ուիքիփետիայի խմբագրման հնարաւորութիւններուն ծանօթ բոլոր անձիք կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել հանրագիտարանի զարգացման գործին։

ԵՐԵՒԱՆ, 4 ապրիլի - Sputnik. Երկար սպասումէ ետք, սոյն թուականի ապրիլ 1-ին Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան վերջապէս կրցաւ ստանալ իր առանձին հարթակը Ուիքիփետիաներու ցանկին մէջ` hyw.wikipedia.org յղմամբ:

Средняя школа имени Тиграна Меца села Птхунк - Sputnik Արմենիա
Հարս կը բերեն գիւղ, որ երեխաները գոնէ ուսուցիչ ունենան. մարզերու մէջ ուսուցիչի սով է

2014 թուականէն ի վեր Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա ստեղծելու գաղափարին շուրջ համախմբուած են հարիւր յիսունէ աւելի կամաւոր խմբագիրներ, որոնք պարբերաբար մասնակցած են վերապատրաստման դասընթացներուն: Այսօր մենք արդէն իսկ ունինք 7500-է աւելի արեւմտահայերէն յօդուածներ, որոնք տեղակայուած են Արեւելահայերէն Ուիքիփետիային մէջ եւ շուտով կը տեղափոխուին Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա: Մեր մարտահրաւէրը պէտք է ըլլայ այդ թիւն օրը-օրին աւելցնելը եւ ատոնց որակը բարձրացնելը: Այս մասին կը տեղեկանանք «Վիքիմեդիա Հայաստան»-ի ֆէյսպուքեան էջէն:

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիային` որպէս առանձին հանրագիտարան դառնալու ջանքերուն նպաստած են «Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը, որոնք անցնող տարիներուն աջակցած են Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի ստեղծման եւ հովանաւորած նախագիծի ձեռնարկները:

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա ազատ հանրագիտարանի նպատակը եղած է եւ կը մնայ բազմատեսակ որակեալ յօդուածներու ստեղծումը եւ անով իսկ արեւմտահայերէն բովանդակութեան շրջանառութեան մէջ կարեւոր ներդրում ունենալը:

Азат Адамян - Sputnik Արմենիա
Ադամեանը «կը բողոքէ» Google-ին` Ստեփանակերտի անունն ուղղելով եւ վայրը դարձնելով Արցախ

«Այս ուրախ օրուան առիթով մեծապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի բոլոր կամաւորներուն եւ խմբագիրներուն: Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին եւ կը շարունակեն սատարել այս աշխատանքի իրականացման»,— ըսաւ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա նախագիծի համակարգող Ազնիւ Ստեփանեան եւ աւելցուց, որ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան կրնայ կարեւոր խթան հանդիսանալ արեւմտահայերէնի գործածութեան համար:

«Կը շնորհաւորենք Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի համայնքն ու արեւմտահայերէն խօսող մեր հայրենակիցները,— ըսաւ Ուիքիմետիա Հայաստանի նախագահ Սուսաննա Մկրտչեան,— Սա արեւմտահայերէնին վերածնունդ տալու նշանակալի քայլ է, հզօր հնարաւորութիւն է արեւմտահայերէնը պահպանելու եւ զարգացնելու որպէս գիտելիք ստեղծելու եւ ստանալու լեզու»:

«Ուիքիփետիան կարեւոր հարթակ է, ուր արեւմտահայերէնը կարելի է գործածել զանազան ձեւերով` կարդալով, խնբագրելով, բարելաւելով եւ ստեղծելով արեւմտահայերէն յօդուածներ, — ըսաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտոր Ռազմիկ Փանոսեան,— Ուրախ ենք, որ մեր աջակցութիւնը արդիւնաւէտ հիմքերու վրայ է: Յոյս ունինք, որ լեզուին տիրապետող բոլոր անհատներն այս առիթը կ’օգտագործեն համացանցի վրայ արեւմտահայերէն բովանդակութիւնը զարգացնելու համար»:

Премьер-министр Никол Пашинян посетил открытие жилого здания в общине Шенгавит (18 марта 2019). Еревaн - Sputnik Արմենիա
Պետութիւնը կը ծրագրէ երիտասարդներուն վարձով բնակարաններ տալ` ամիսը 10 տոլարով

Նշենք, որ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան առանձին ISO 639-3 լեզուական թուանշանը (code) ստացած է 2018 թուականի յունուար 30-ին SIL International-ի կողմէ․ լեզուական թուանշանի առկայութիւնը հնարաւորութիւն տուաւ ստեղծելու Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան, ինչպէս նաեւ այն կրնայ խթանել համացանցի վրայ արեւմտահայերէնով տարբեր ծրագիրներ (սրբագրիչ, փոխադրիչ, թարգմանիչ) մշակելու աշխատանքները:

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան բաց է բոլորիս համար: Ուիքիփետիայի խմբագրման հնարաւորութիւններուն ծանօթ բոլոր անձիք կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել հանրագիտարանի զարգացման գործին:

 

Լրահոս
0