00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:25
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:30
31 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
10:05
36 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
6 ր
Տեր Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանյան
13:07
0 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
7 ր
Տեր Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանյան
17:08
0 ր
Տեր Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանյան
17:12
2 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:25
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
10:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Ուրիշ նորություններ
10:47
5 ր
Ուղիղ եթեր
Մամուլի տեսություն
10:52
17 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
11:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Երբ հարսը «պատանդ կը մնայ», մինչեւ փեսան գումարը ճարէ․ պարտքով երջանկանալու նուրբ արուեստը

© AFP 2024 / GALI TIBBONТрадиционная армянская свадьба в церкви Святого Григория Просветителя, Иерусалим
Традиционная армянская свадьба в церкви Святого Григория Просветителя, Иерусалим - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Մենք` հայերս, կը սիրենք, որ ամէն ինչ «տեղը տեղին ըլլայ, բայց հայկական «տեղը տեղինը» յաճախ «չափէն դուրս, չափն անցած»-ի հոմանիշը կը դառնայ: Ճաշի կարագը «տեղը տեղին է», կը նշանակէ` բան մըն ալ աւելին է, քան պէտք է: Sputnik Արմենիայի սիւնակագիր Մարիաննա Փայտեանը կը պատմէ, թէ ինչպէս յաճախ կարծրատիպերը մարդոց կը ստիպեն ծայրայեղ քայլերու երթալ:

Մենք «տեղը տեղին» ուրախացող, տօնող ազգ ենք, յիշենք թէկուզ Նոր տարին, երբ անգամ` եթէ պարտքով դրած սեղանի 40% աղբ կը նետենք 8-րդ օրը, որովհետեւ անհնար է այդքան ուտել 1 շաբթուան մէջ (անգամ եթէ անգիտակցաբար կ’ուտես, ոչ թէ որ ուտել կ’ուզես, այլ որ չփչանայ), միւնոյնն է` յաջորդ տարին նոյն կ’ընենք, որովհետեւ ամօթ է` տունը մարդ կու գայ, սեղանը «տեղը տեղին» չըլլայ:

Собор Покрова Святой Божьей Матери, Степанакерт - Sputnik Արմենիա
Նոր սիրտ, Ստեփանակերտի մէջ օծած են զուարթնոցատիպ եւ Արարատի խորհրդանիշով եկեղեցի

Շատ խանութներու առեւտրային խումբերը արդէն քանի մը տարի  է` կ’աւելցնեն իրենց շահոյթը` օգտուելով «տեղը տեղինի» հայկական իտէալապաշտութիւնով` առաջարկելով վարկով առեւտուր` «կեր այսօր, վճարէ վաղը». կարգախօսները տարբեր են, իմաստը` նոյնը:

Սա այլ սիւնակի նիւթ է, այս մասին`  ուրիշ անգամ մը. «տեղը տեղինի» ընկերային-հոգեբանական թեման «բանալու»  առիթն ընկերներէս մէկուն հետ ունեցած «մտահոգիչ զրոյցն էր»:

Ընկերս կ’ուզէ ամուսնանալ, ունի սիրած աղջիկ, աւելին` արդէն երեք տարի է,  բան մըն ալ աւելի` նշանուած են (տէ հայկական մտայնութեան համեմատ ժամանակացոյցով` երեք տարին  նշանուած մնալու համար երկար է, կը պատկերացնէք, թէ ամէն անգամ բարեկամներուն հանդիպելուն, կամ տատիկի միամսեակը շնորհաւորելուն քանի անգամ  խեղճերը կը լսեն` հապա չէ՞ք պատրաստուիր)...

Бывший местоблюститель константинопольского патриарха ААЦ Арам Атешян - Sputnik Արմենիա
Թուրքիոյ հայերու քուլիսային պայքարը․Էրտողան պատրիարքի ընտրութիւններուն համար ժամանակ չունի

Հարազատներու հոգեբանական ճնշումը, հարեւաններու խէթ հայեացքներն ամէն անգամ, երբ ընկերս նշանածին երեկոյեան տուն կը ճանապարհէ ու հարեւաններուն աչքին առջեւ համեստաբար թուշիկը պաչիկ կ’ընէ եւ ի վերջոյ «սէրը կը խեղդէ» հոգեվիճակը կը դրդէ ընկերոջս ամուսնանալ: Գեղեցիկ ու սիրառատ զոյգն անհամբեր կը սպասէ համատեղ կեանք սկսելուն, ընտանիք կազմելուն... Ու կը սպասէ այդ օրուան արդէն  քանի մը տարի... Ու կը սպասէ, որովհետեւ 180.000 դրամ աշխատավարձ ստացող ընկերս դեռ այնքան գումար չէ կրցած կուտակել, որպէսզի գոնէ  200 հոգինոց հարսանիք մը ընէ, ինչպէս որ պէտք է` «տեղը տեղին»` հարսի զգեստ` սկսած 250-300 հազար դրամէն, ճաշարան` աթոռը 10-15.000 դրամ, 200 հոգինոց կարկանդակ` գոնէ  160.000 դրամ, ֆոթո-վիտէօ նկարահանում` գոնէ  800.000 դրամ...

Ցանկը` շարունակելի է, դեռ կան նուէրներ, տարոսիկներ, թամատա,  կենդանի երաժշտութիւն, միանման մեքենաներու վարձակալութիւն, հրավառութիւն` ներսէն եւ դուրսէն ու ալ ինչ ըսես:

Хосе Антонио Гурриаран - Sputnik Արմենիա
Ծանր է, երբ Կուռիարանի նման բարեկամ մը կը հեռանայ… կրկնակի ծանր, որ կը հեռանայ աննկատ

Կը ստացուի, որ 180.000 դրամ աշխատավարձ ստացող իմ ընկերս այս քայլերով կ’ամուսնանայ այն ժամանակ, երբ Փոքր Մհերն Ագռաւաքարէն դուրս գայ: Վա՞րկ... Չէ, չի կրնար, որովհետեւ արդէն երեք վարկ ունի ոչ միայն իր, այլեւ եղբօր եւ ընկերներէն մէկուն անունով: Ին՞չ կ’ընէ իմ «տեղը տեղինի» զոհ ընկերս` «լեւի գործէն»  (ոչ օրինական) կը վազէ հիմնական աշխատանքի, հիմնականէն` մէկ այլ «լեւի գործի», ձեռքէն եկածն ու չեկածը կ’ընէ` գոնէ մէկ միլիոն կուտակելու համար: Ես ի հարկէ մաթեմատիկական գիտելիքներով չեմ փայլիր, լրիւ հակառակը, բայց այս պարզ հաշուարկն ի վիճակի եմ ընելու` մէկ միլիոնը թուարկածիս համար ի հարկէ չի բաւականացներ:

Ուրեմն ընկերս կը կարծէ, որ ճաշարանի ծախսը, բան մըն ալ ատկէ աւելին` «հիւրերը կը հանեն», այսինքն` հրաւիրուած իւրաքանչիւր հիւր ինչ-որ նուէր պիտի բերէ, կը հասկցնեն, որ նուէր պէտք չէ, գումարը տուէք. «նուէր գումարներով» եւ ճաշարանի հաշիւը կը փակուի, եւ նկարահանող խումբի ծախսին մէկ մասը գոնէ:

Торжественное открытие школы с китайским обучением (22 августа 2018). Ереван - Sputnik Արմենիա
Յայտնի է` երբ տեղի կ’ունենայ «Արի պարի քոչարի» երկրորդ ֆլեշմոպը

Ի դէպ, յիշեցի մօրս պատմութիւնը, որ տասնամեակներ առաջ հօրս հետ Ապարան հարսանիքի  հրաւիրուած եղած էին, նուէր  գնած էին ու «խայտառակ եղած». մայրս կը յիշէ, որ դրան մուտքին մօտ ցուցակով տղամարդ կանգնած էր, ներս մտնողները նուէր բերուած գումարը կու տային ցուցակով տղամարդուն, որ անուն-ազգանունով կը լրացնէր, թէ ով որքան գումար նուիրեց, իսկ եթէ ոսկեայ զարդ էր, ապա հարսանիքի ժամանակ հանդիսաւոր կերպով եւ ցուցադրական կը նուիրէին` բնականաբար արժէքի եւ ոսկիի յարգի նշումով «պիտակ»-ը առանց վերցնլու:

Ծնողքիս 50 ռուբլինոց նուէրը ցուցակին մէջ չէր գրանցուած, որովհետեւ այն ժամանակ ՀԴՄ  չկար, որ գոնէ գնման կտրօնով անուան դիմաց գրանցում ընէին...

Ինչեւէ, վերադառնանք ընկերոջս. ինչպէս հասկցաք` ընկերս «план действий» կազմած է, բայց դեռ բոլոր ուժերը չէ հաւաքած` վտանգի երթալու համար, յատկապէս երբ վերապատմեցի իմ լսած «horror story»-ն. Ուրիշ  ընկեր մը, որ մասնագիտացած է հարսանիք, ծնունդ, կնունք նկարելու գործին մէջ,  օր մը սարսափած պատմեց, որ հերթական «տեղը տեղին» հարսանիքէն յետոյ ճաշարանի հաշիւը վճարելու համար անհրաժեշտ գումարը չէր հաւաքուած.  ոչ բոլոր հիւրերը փեսային «յոյսերով լի հաշուարկներուն» մասին մտածած էին, ոմանք փողի փոխարէն նորակազմ ընտանիքին նուիրած էին խառնիչ, կաթսաներու հաւաքածու եւ այլն:

Հետեւաբար հարսիկը «պահեցին» ճաշարանին մէջ  այնքան, մինչեւ փեսան գումարը հայթայթեց, բերաւ: Անգամ մըն ալ, կ’ըսէ, հարսը ստիպուած նուէր ստացած ոսկեայ մատանին ձգեց ճաշարանին:

Тигран Казарян, основатель садов и питомника органических ягод близ города Чаренцаван, Котайкская область. - Sputnik Արմենիա
Վիեթնամական խոզերով «վարդամորիի» դրախտ. հայ ծրագրաւորողը իւրայատուկ գործ մը սկսած է

Ճոխ հարսանիքը, տեղացի եւ արտասահմանցի երգիչներու կենդանի կատարմամբ հարսիկին, փեսային, քաւորին նուիրուած երգերը, «զոյգ ծաղիկներու» սենարը հեղինակող թամատաները, մինչեւ առաստաղ հասնող կարկանդակը, որուն կէսէն  աւելին ոչ ուտելի է, 4 տեսախցիկներով նկարահանումները եւ հարսի թանկարժէք,  տասնհինգ քկ կշռող զգեստը, որմով շնչելն ու շարժուիլը հերոսութիւն են, իսկ անխուսափելի կարիքները հոգալը` անհնար, երջանկութիւն չեն բերեր:

Ծախսուած գումարն ալ  չերաշխաւորեր ամուր ընտանիք կազմելուն:

Քանի՞ զոյգ գիտէք, որ «տեղը տեղին» հարսանիքէն  քանի մը տարի, նոյնիսկ ամիս անց բաժնուած է: Հարց տուէք ձեզի` որո՞ւն համար «կաշուից դուրս գալով», պարտքի, վարկի տակ իյնալով ճոխ հարսանիք կ’ընէք` ձե՞ր երկուքին, թէ՞ «հարեւանահարազատային կարծիքի»-ն համար: Ի վերջոյ, ճոխ հարսանիքն ալ ոչ այլ ինչ, քան մրցավազք, որուն մէջ յաղթողներ չկան, որովհետեւ միշտ  «ճոխութիւն» մը  կը գտնուի, որ ձեր մտքով չէ անցած, բայց  ուրիշ մը ըրած է:

Столица Османской империи - Стамбул - Sputnik Արմենիա
Ո՞վ եղած է Թուրքիոյ առաջին հայ կին լրագրողը

Ժողովուրդ ջան, ես Մարիաննան եմ, 31 տարեկան, ամուսնացած եմ նախորդ տարի. հարսանիքիս համար վարկ չենք վերցուցած, պարտք չենք ըրած, եկեղեցւոյ մէջ պսակադրութեան արարողութենէն ետք մեր ամուսնութիւնը նշած ենք փոքրիկ ճաշարանի մը մէջ` մեզի ամենահարազատ 30 հիւրերու հետ, չէ եղած կենդանի երաժշտութիւն, թամատայի փոխարէն մեր հարազատներն իրենց սրտի խօսքն ու շնորհաւորանքը ըսած են, իմ երազանքներուս սպիտակ զգեստը վարձակալած եմ 60.000 դրամով, իմ համեստ, բայց շատ համեղ կարկանդակը արժէր ընդամէնը 30.000 դրամ, միանման «մեքենաներ» չեն եղած, ով ինչ մեքենայ ունէր, զարդարած էր ժապաւէններով, հրավառութիւնը տեւած է  քանի մը երկվայրկեան, այլ ոչ թէ տաս վայրկեան` սրտաճաք ընելով հիւրերուն, իսկ մեր կուտակած գումարով ոչ թէ պատուիրած ենք, ութ տեսախցիկով  նկարահանում (նկարահանուած վիտէոնիւթը մէկ, երկու անգամ դիտելէ յետոյ ալ որպէս կանոն կը մոռցուի), այլ անմոռանալի յիշողութիւններով լի մեղրամիս անցուցած ենք Սրի Լանքայի մէջ:

Այո, մենք իրական ենք, գոյութիւն ունինք, եւ մենք երջանիկ ենք:

Լրահոս
0