00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
09:35
24 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
9 ր
Ուղիղ եթեր
10:10
50 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
9 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
09:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
09:27
7 ր
Ուղիղ եթեր
09:42
18 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
10:06
45 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Խաղամոլութիւն, թէ լարուածութիւն. չարիքի դէմ պայքարին ի՞նչն է սխալը Հայաստանի մէջ

© Pixabay / stokpicИгровые автоматы в казино
Игровые автоматы в казино - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Օրինագիծի հեղինակները եւ գրաւի գրասենեակներու աշխատակիցները կը մեղադրեն իրար մոլախաղերու ոլորտը մենաշրնորհելու ձգտման մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, առցանց խաղատուներու անխափան աշխատանքին դեռ ոչինչ կը սպառնայ:

ԵՐԵՒԱՆ, 31 մայիսի — Sputnik. Խաղային գործիքներու օգտագործման սահմանափակումը չի լուծեր Հայաստանի մէջ խաղամոլութեան խնդիրը: Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին նման կարծիք յայտնեց տնտեսագէտ Գառլէն Խաչատրեան:

Մայիս 29-ին գրաւի գրասենեակներու աշխատակիցներու  խումբ մը փակած էր Բաղրամեան պողոտան, ԱԺ–ի շէնքին դիմաց` պահանջելով վերանայիլ այդ ընկերութիւններու գործունէութեան պայմանները խստացնելու օրինագիծը: Բողոքի ցոյցի մասնակիցները համաձայնած էին բանակցիլ օրէնսդրական իշխանութեան ոեւէ ներկայացուցիչի հետ, բացի «Իմ քայլը» դաշինքի պատգամաւոր, ԱԺ փոխխօսնակ Ալէն Սիմոնեանէն, որ օրինագիծի հեղինակներէն մէկն է:

Праздничное мероприятие в преддверии всемирного дня защиты детей в МЦ Арабкир (30 мая 2019). Еревaн - Sputnik Արմենիա
Հայկն ու Կարինէն կը պատմեն իրենց գաղտնիքները. լուսնոտութիւնը դժոխքի պատմութիւն չէ

Ցոյցերու կայացման պատճառը` ԱԺ տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի հաւանութեան արժանացած օրինագիծն էր` վիճակախաղերու եւ մոլախաղերու կազմակերպման, խաղային մեքենաներու եւ համատեղ խաղադրոյքի  շահագործման պայմաններու խստացման մասին: Խաղատուները 1.5 տարուան ընթացքին պէտք է տեղափոխուին Ծաղկաձոր, Սեւան, Ջերմուկ եւ Մեղրի, իսկ խաղային մեքենաները օրէնքն ընդունելէ յետոյ 10-օրեայ ժամկէտին պէտք է վերացուին:

Օրինագիծէն դժգոհ գրաւի գրասենեակներու աշխատակիցները կը պնդեն, որ օրինագիծը կ’ընդունուի ելլելով «Վիվառօ» ընկերութեան (սեփականատէրը Ալէն Սիմոնեանի ընկերն է) շահերէն, որ կը գերիշխէ առցնաց–խաղատուներու ոլորտին:

ԱԺ փոխխօսնակը կը կարծէ, որ բողոքի ցոյցը միայն մէկ ընկերութիւն  կազմակերպած է  («Goodwin»), որ մենաշնորհային դիրք կը զբաղեցնէ խաղային գործիքներու շուկային մէջ, եւ անոր հետ կապուած կազմակերպութիւնները, սակայն «չարիքի» դէմ պայքարը կը շարունակուի` անկախ քննադատութենէն:

«Նախագիծը պետութեան համար երկակի նշանակութիւն կ’ունենայ: Աւելի քան հազար աշխատատեղերու կրճատումը կը յանգեցնէ որոշակի ընկերային խնդիրներու եւ լարուածութեան հասարակութեան մէջ, քանի որ ատիկա բաւական մեծ թիւ է հայկական տնտեսութեան համար», – ըսաւ Խաչատրեան` մեկնաբանելով իշխանութիւններու նոր նախաձեռնութիւնը:

Обработка данных - Sputnik Արմենիա
Արժանթինահայ միլիարատիրոջ գործընկերը հսկայական շէնք պիտի կառուցէ Երեւանի մէջ

1.5 տարին, որուն ընթացքին գրասենեակներու աշխատակիցները պէտք է նոր աշխատանք գտնեն, տնտեսագէտը խելամիտ ժամկէտ կը համարէ: Սակայն ան ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն հանգամանքին, որ Հայաստանի պայմաններուն 1300-1500 մարդ աշխատանքի տեղաւորելն այդքան ալ հեշտ չէ:

«Ի զուր չէ, որ կառավարութիւնը որոշած է հարկային արտօնութիւններ տրամադրել այն ընկերութիւններուն, որոնք 20-30 նոր աշխատատեղեր կը ստեղծեն: Իշխանութիւնները ներկայ տնտեսական իրավիճակի պայմաններուն կը գիտակցին նոյնիսկ քանի մը տասնեակ աշխատատեղերու կարեւորութեան», – նշեց Խաչատրեան:

Միւս կողմէն` պէտք է հաշուի առնել այն վնասը, որ կը պատճառուի խաղամոլութեամբ տառապող քաղաքացիներուն, գրաւի գրասենեակներու գործունէութեան հետեւանքով (ունեցուածքի կորուստ, չմարած վարկեր եւ աւելի ողբերգական հետեւանքներ):

Ի դէպ, տնտեսագէտին կարծիքով, միայն խաղային գործիքներու  դէմ պայքարը խնդիրը չի վերացներ, անհրաժեշտ է համալիր լուծում  :

«Ինծի համար մինչեւ վերջ պարզ չէ, թէ ինչ նպատակ կը հետապնդեն օրինագիծի հեղինակները: Եթէ նպատակը բացառապէս պայքարն է խաղամոլութեան դէմ, ապա հարց կ’առաջանայ, ինչու  նախագիծը կը վերաբերի խաղային  գործիքներուն, բայց ոչ առցանց ոլորտին», – նկատեց Խաչատրեան:

Зоозащитник Карен Даллакян с львицей Лолой, спасенной от усыпления челябинским реабилитационным центром защиты диких животных (21 октября 2016). Севастополь - Sputnik Արմենիա
Այս հայուն մասին ամբողջ Սիպիրը գիտէ. ինչպէս վագրը սկսաւ մայր համարել բժիշկ Դալլաքեանը

Մեկնաբանելով Սիմոնեանի յայտարարութիւնն այն մասին, որ առցանց խաղատուներու գործունէութիւնը սահմանափակելը բարդ ու ծախսատար խնդիր է, տնտեսագէտը նշեց, որ ժամանակակից արհեստագիտութիւնները նման հնարաւորութիւն կու տան: Անոր կարծիքով` կարելի է սահմանափակել առցանց խաղատուներու հասանելիութիւնը:

Խաչատրեանի խօսքով, ամենայն հաւանականութեամբ չկայ բազմակողմանի ուսումնասիրութիւն այն մասին, որ խաղամոլութիւնը սարսափելի ծաւալներու  հասած է, շատ մարդոց ճակատագրեր կը քանդուին:

Նշենք` հանրահաւաքի մասնակիցները յաջողած են  հանդիպիլ ԱԺ տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի ղեկավար Բաբգէն Թունեանի հետ, որ, "Goodwin" ընկերութեան ղեկավար Սարգիս Միքայէլեանի խօսքով, խոստացած է հաշուի առնել անոնց առաջարկութիւններն ու թոյլ տալ խաղային սարքեր օգտագործել գրաւի գրասենեակներուն մէջ (անոնք արդէն սկսած են հանել սարքերը գազալցակայաններէն):

Լրահոս
0