Անոր ելոյթը պարզապէս ցնցեց ժիւրին: Անոր կողմը անմիջապէս շրջուեցաւ արտադրող եւ երգիչ Վալերի Մելաձեն: Ան չդիմացաւ եւ պարզապէս ոտքի կանգնեցաւ:
«Պատրաստի արուեստագէտ: Հիանալի կ’երգէ, հիասքանչ տեսք ունի, խելացնոր կը պարէ», – ըսաւ Մելաձեն:
Երգչուհի Սուետլանա Լոպոտան նշեց Միշայի գերազանց կատարումը. «Այսպիսի տղու մը նոյնիսկ սորվեցնելու բան չկայ, ան ամէն ինչ կրնայ»:
Ժիւրիի անդամ Փելագեան հարցուց` արդեօ՞ք տղան երաժշտական ընտանիքէ է: Տղան պատասխանեց, որ հայրը զինուորական նուագախումբի խմբավար է, իսկ մայրը` երաժշտութեան ուսուցչուհի մանկապարտէզի մէջ:
«Խորին յարգանքս մայրիկին, որ նման որդի մեծցուցած է», – ըսաւ Լոպոտան:
Միշան որոշեց, որ կ’ընդգրկուի Մելաձէի խումբին մէջ:
Միքայէլ Գրիգորեան 2017 թուականին մասնակցած է «Մանկական Եւրոտեսիլ»-ին: Առաջին անգամ ան բեմ դուրս եկած է 5 տարի առաջ, երբ 4 տարեկան էր, հարազատ Արցախի 21-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս: Հէնց այդ ժամանակ ծանօթացած է արտադրող` Լիրա Քոչարեանի հետ: Բացի այդ, Միշան կը յաճախէ «Արցախի ձայնը» կեդրոնը (վոկալ, դաշնամուր, ջութակ), որուն կազմին մէջ ելոյթ ունեցած է Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ, Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ:
2015 թուականին Միշան թողարկած է իր առաջին երգը` «Փոքրիկ ղարաբաղցին», որ մեծ տարածում գտած է հայրենիքին մէջ: 2016 թուականին մասնակցած է Մանկական Նոր Ալիքին, ուր գրաւած է 2-րդ տեղը: