00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
09:41
19 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
10:08
45 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:23
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
10:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Ուրիշ նորություններ
10:47
5 ր
Ուղիղ եթեր
Մամուլի տեսություն
10:50
17 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
11:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

«Ինչի՞ կը սպասէք, նոր ցեղասպանութեա՞ն». Սերժ Թանքեան Թուրքիա չայցելելու կոչ ըրած է

© Sputnik / Asatur YesayantsСерж Танкян
Серж Танкян  - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Ամերիկահայ երգիչը դիմած է հասարակութեան` կոչ ընելով հրաժարիլ Թուրքիա այցելելէն Չանաքելի ճակատամարտի օրը:

ԵՐԵՒԱՆ, 24 մարտի — Sputnik. Աշխարհահռչակ ռոք երաժիշտ, System of a Down խումբի հիմնադիր Սերժ Թանքեան յօդուած  գրած է Նոր զելանտական Newshub թերթին համար, որուն մէջ բացայայտ կոչ կ’ընէ ապրիլ 25-ին զբօսաշրջային այցելութիւններ չկատարել Թուրքիա:

Панорама Мельбурна - Sputnik Արմենիա
Կլատիս Պերեճիքլեան՝ Նոր Հարաւային Ուէյլզի Առաջին Կին Վարչապետը

Թանքեան յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնն Էրտողանի ղեկավարութեամբ տարիէ տարի միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսէ Ուաշինկթընի  եւ աշխարհի միւս մայրաքաղաքներուն մէջ` ուղղուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու դէմ քարոզչութեան, որուն տարելիցը կը նշեն ապրիլ 24-ին: Միաժամանակ աշխուժօրէն կը քարոզէ Օսմանեան զօրքերու յաղթանակի ամսաթիւը Անտանտի դաշինքի զօրքերուն դէմ:

Խօսքը Տարտանելի գործողութեան մասին է, որ յայտնի է որպէս «Չանաքելէի ճակատամարտ» եւ «Կալիպոլիի մարտ»: Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ 1915-ին գործողութեան ընթացքին թերակղզիին մէջ ընթացած են թէժ մարտեր, որոնք պսակուած են օսմանեան բանակի յաղթանակով: Կալիպոլիի յաղթանակը հսկայական նշանակութիւն  ունեցած է ոչ միայն Օսմանեան կայսրութեան համար, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի (Ուինսթըն Չըրչըլը` որպէս գործողութեան նախաձեռնող, ստիպուած  եղած է հրաժարական տալու, իսկ Մուսթաֆա Քեմալը, որ աւելի ուշ ստացած է Աթաթուրք անունը, ապագային դարձած է Թուրքիոյ նախագահ):

Мэр Еревана Айк Марутян и директор Общенационального театра Арман Навасардян на церемонии закладки фундамента здания Общенационального театра имени Соса Саркисяна - Sputnik Արմենիա
Ինչ իմ աչքով չտեսայ, ձեր աչքերով կը տեսնեմ. Սօս Սարգսեանի երազանքը կատարուեցաւ

Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի մէջ ապրիլ 25-ը կոչուած է Anzac Day եւ դարձած ազգային տօն: Այդ օրերուն աւստրալացի եւ նորզելանտացի զբօսաշրջիկները կ’այցելեն Կալիպոլի թերակղզի, ուր կ’անցնեն յիշատակի ձեռնարկներ:

«Որպէս հայերու, ամերիկացիներու եւ նոր զելանտացիներու սերունդ, որոնց տատիկներն ու պապիկները եղած են չարագործութիւններու անմիջական ականատեսները, ես այդ օրը զբօսաշրջային ուղեւորութիւնները Կալիպոլի համարած եմ թրքական քարոզչութեան արդիւնք: Ես կը յարգեմ իրենց զոհուած հերոսներուն յարգանքի տուրք մատուցող ընտանիքներուն, սակայն չեմ վստահիր ժամանակակից Թուրքիոյ ղեկավարներու մտադրութիւններուն», - գրած է Թանքեան:

Ան գրած է, որ այս շաբաթ Նոր Զելանտայի մէջ մարդկութիւնը բախուած է ժամանակակից պատմութեան ամենասարսափելի դրուագներէն մէկուն` Քրայսթչըրչի մզկիթներուն մէջ Աւստրալիոյ քաղաքացիութիւն ունեցող զինուած անձի մը կողմէ անմեղ հաւատացեալներուն կրակելու հետ:

Новобранцы в республиканском сборном пункте в первый день зимнего призыва (8 января 2019). Еревaн - Sputnik Արմենիա
Ռազմական փորձագէտը մեկնաբանեց ԶՈւ–ի մէջ ծառայութեան ժամկէտը կրճատելու հարցը

«Հրաձգութենէն ետք յայտնի դարձաւ, որ Էրտողան բազմիցս ցուցադրած է հրաձիգի խմբագրած տեսանիւթը տեղական ընտրական հանրահաւաքներուն ժամանակ եւ բացայայտ կերպով սպառնացած նոր զելանտացիներուն եւ աւստրալացիներուն նմանօրինակ յայտարարութիւններով. «Ձեր տատիկներն ու պապիկները եկած են այստեղ, իսկ անոնցմէ ոմանք` վերադարձած դագաղներու մէջ: Եթէ դուք գաք ձեր պապիկներուն նման, վստահ եղէք, որ չէք վերադառնար, ինչպէս ձեր պապիկները»,- յիշեցուցած է Թանքեան` մատնանշելով այն հանգամանքը, որ Էրտողան այս տեսանիւթը կը ցուցադրէ հանրութեան, որպէսզի լսարանին առջեւ պատրանք ստեղծէ, թէ իբր աշխարհի մէջ իսլամատեացութիւնն աւելցեած է եւ ընտրողները կը գրաւէ դէպի իրեն:

Թանքեան կը հարցնէ, թէ ե՞րբ պիտի գայ ժամանակն ըսելու` բաւակա՛ն է:

«Մենք չենք պատրաստուիր համաձայնիլ բռնակալի  հետ առեւտրի, աշխարհաքաղաքական առաւելութեան կամ ռազմական ուղղաթիռներու վաճառքի համար: Նոր Զելանտան ԱՄՆ չէ, որ տուրք տայ Թուրքիոյ քմահաճոյքներուն, եւ պէտք է առաւել բարոյական ուղի ընտրէ», - եզրափակած է Նոր Զելանտայի մէջ  գտնուող երաժիշտը:

Լրահոս
0