00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
09:35
24 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
9 ր
Ուղիղ եթեր
10:10
50 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
9 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
09:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
09:27
7 ր
Ուղիղ եթեր
09:42
18 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
10:06
45 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
7 ր
5 րոպե Դուլյանի հետ
18:07
7 ր
Բողոքի ակցիաներ
Երևանը միացել է հայրենիքի սահմանների պաշտպանության ակցիաներին
18:19
3 ր
Մարի Զախարովա
Պուտինը ԼՂ կարգավիճակը չկարգավորված էր համարում, Երևանն այն ճանաչեց Ադրբեջանի կազմում. Մարիա Զախարովա
18:24
3 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
7 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք գործիչները. ովքե՞ր են անոնք

© Sputnik / Asatur YesayantsМузей-институт Геноцида Армян
Музей-институт Геноцида Армян - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Թանըր Աքչամ, Ռագըփ Զարաքօլու, Ալի Պայրամօղլու, Օրհան Փամուկ, Էլիֆ Շաֆաք, Հասան Ճեմալ: Գիտնական, հրատարակիչ, քաղաքական մեկնաբան, գրող…: Անոնց կը միաւորէ ազգութիւնը եւ նախնական քաղաքացիութիւնը` թուրքեր, Թուրքիա: Բայց` ոչ միայն...

Վերը նշուածները նոր ժամանակներու թուրք գործիչներ են, որոնք ոչ միայն գիտեն, թէ ինչ կատարուած է 1915-ին ու յաջորդող շրջանին, այլեւ ուղղակիօրէն ճանչցած կամ ընդունած են Հայոց ցեղասպանութեան փաստը: Հարկաւ, տարբեր են անոնց պատմութիւնները, տարբեր են իրողութիւնն ընդունելու եւ հրապարակաւ արտայայտելու շարժառիթները: Բայց բոլոր պարագաներուն հաստատուն է այն, որ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ անոնց նոյնիսկ ոչ ուղղակի արտայայտութեան յաջորդած են Թուրքիոյ իշխանութիւններու նախաձեռնած քաղաքական ու դատական հետապնդումները:

Թանըր Աքչամ

CC BY-SA 4.0 / Janbazian / Թանըր Աքչամ
Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք գործիչները. ովքե՞ր են անոնք - Sputnik Արմենիա
Թանըր Աքչամ

Առաջին թուրք գիտնականներէն մէկը, Հայաստանի ու հայութեան շրջանին մէջ թերեւս ամէնէն յայտնի թուրք գիտնականը, որ ոչ միայն ճանչցած, այլեւ արդէն տասնամեակներ շարունակ ուսումնասիրած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, հանդէս եկած աշխատութիւններով, դասախօսութիւններով: Ան հրապարակաւ արտայայտած է իր տեսակէտները:

Город Ярмут, Канада - Sputnik Արմենիա
Եարմութ քաղաքին մէջ պիտի զետեղուի Ցեղասպանութեան որբերու փրկարար Սառա Քորնինկի արձանը

Թանըր Աքչամ դեռ երիտասարդ տարիներուն «ճաշակած» է թրքական պետութեան մամլիչը, որպէս ուսանողական թերթի խմբագիր, դատապարտուած է 10 տարուան բանտարկութեան, բայց փախած է, յայտնուած Գերմանիա, ուր ալ 1988-էն սկսած է հետաքրքրուիլ Հայոց ցեղասպանութեան հարցերով, որ վերաճած է համակարգուած ուսումնասիրութեան` արտայայտուելով դոկտորական թեզով եւ այլ գիտական աշխատութիւններով: Թուրք փրոֆէսորը երկար տարիներ է, որ հաստատուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր կը դասաւանդէ տարբեր համալսարաններու մէջ:

Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թանըր Աքչամի յայտարարութիւններն ու գնահատականները, բնականաբար, շատ-շատ են: Բայց այստեղ կը մէջբերենք ֆրանսական «Լը Մոնտ»-ի (Le Monde) 2012-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած այս միտքը. «Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ուղղակի հասկնայ, որ անհնար է Ցեղասպանութեան հարցով փոխել Թուրքիոյ դիրքորոշումը միայն ներքին ներուժի հաշուին: Մարդիկ պէտք է հասկնան, որ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը ուղղակի ժխտողական քաղաքականութիւն չէ: Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը Թուրքիոյ մէջ արհեստական է: Իշխանութեան բոլոր գերագոյն ճիւղերը զբաղուած են Ցեղասպանութեան փաստերու դէմ պայքարով: Դուք կը բախուիք ոչ թէ ժխտման քաղաքականութեան հետ, այլ խեղաթիւրող վարչակարգի հետ»:

Ռագըփ Զարաքօլու

© Photo / official site of the President of RAՌագըփ Զարաքօլու
Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք գործիչները. ովքե՞ր են անոնք - Sputnik Արմենիա
Ռագըփ Զարաքօլու

Թանըր Աքչամի նշած խեղաթիւրող վարչակարգին հետ ուղղակիօրէն բախուած Ռագըփ Զարաքօլուն իրաւապաշտպան է եւ հրատարակիչ, որուն դէմ մէկ անգամ չէ, որ թրքական իշխանութիւնները քրէական հետապնդում նախաձեռնած են` մեղադրելով անգամ ահաբեկչական քրտական կազմակերպութեան հետ կապի մէջ: Թէպէտ, հասկնալի է, որ հրատարակիչը թրքական իշխանութիւններու ճնշման թիրախին մէջ յայտնուած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր ունեցած դիրքորոշման, նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիրքեր հրատարակելու համարձակութիւն ունենալու պատճառով:

«Հայոց ցեղասպանութիւնը թուրք ազգի կառուցման հիմքերէն մէկն էր: Այդ է պատճառը, որ ժխտումն այդքան ուժեղ է. եթէ ընդունեն Ցեղասպանութիւնը, ամբողջ թրքական պատմութիւնը, հերոսները կը փոշիանան»,- նկատած է ան տարիներ առաջ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» համաժողովին ունեցած ելոյթին ժամանակ: Ռագըպ Զարաքօլուի խօսքով` Հայոց ցեղասպանութիւնն ակնյայտ է, եւ այն ապացուցելու անհրաժեշտութիւն չկայ:

Ալի Պայրամօղլու

© Photo : DHAԱլի Պայրամօղլու
Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք գործիչները. ովքե՞ր են անոնք - Sputnik Արմենիա
Ալի Պայրամօղլու

Քաղաքական մեկնաբան Ալի Պայրամօղլուն, բնականաբար, նոյնպէս թրքական իշխանութիւններու «սեւ ցուցակին մէջ» է: Հազիւ թէ այլ կերպ ըլլար հրապարակային գործիչի մը պարագային, որ, օրինակ, կ’ըսէ. «Մենք կը ցանկանք, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ճանչցուի Թուրքիոյ մէջ, եւ որպէսզի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հասարակութիւններուն միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատուին, վերականգնուի հայ-թրքական բարեկամութիւնը»:

Հասան Ճեմալ

Լրագրող, թրքական յայտնի «Ճումհուրիէթ», ապա «Սապահ» թերթերու գլխաւոր խմբագիր եղած Հասան Ճեմալն, ինչ խօսք, կ’առանձնանայ միւս բոլորէն: Հարցն այն է, որ ան Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրած ու իրագործումը ղեկավարած յայտնի ոճրագործներէն Ճեմալ փաշայի թոռն է: Անկախ յաջորդող ու այլ դէպքերէ, փաստն այն է, որ Հասան Ճեմալը 2008 թուականին այցելած է Ծիծեռնակաբերդ եւ ծաղիկներ դրած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին: Երկու տարի անց ան գրած է, որ հարիւր հազարաւոր հայերու կոտորածը ժխտելը կը նշանակէ յանցակից դառնալ մարդկութեան դէմ իրագործուած ոճրագործութեան: Հասան Ճեմալ անցած տարիներուն մէկ անգամ չէ, որ այցելած է Հայաստան: 2012 թուականին լոյս տեսած է անոր «1915. Հայոց ցեղասպանութիւն» գիրքը, որուն մէջ նկարագրուած են հեղինակի անձնական ընկալումները` ժխտումէն դէպի ճանաչում:

Էլիֆ Շաֆաք

© Photo : Zeynel Abidin / Dogan Kitap / TurkeyԷլիֆ Շաֆաք
Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք գործիչները. ովքե՞ր են անոնք - Sputnik Արմենիա
Էլիֆ Շաֆաք

Թրքական արմատներով բրիտանացի կին գրող, կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան գործիչ: Մեր պարագային առաւել հետաքրքրական է անոր «Սթամպուլի բիճը» գիրքը (այն թարգամանուած է նաեւ հայերէն): Այդ վէպին հետ կապուած, 2006 թուականին Էլիֆ Շաֆաքին թրքական իշխանութիւնները մեղադրանք առաջադրած են տխրահռչակ 301-րդ յօդուածով` (ազգային ինքնութիւնը` թրքութիւնը վիրաւորելը): Խնդիրն այն էր, որ ստեղծագործութեան հերոսներէն մէկը կ’ապացուցէ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան փաստը: Յետոյ գրողին ներկայացուած մեղադրանքները հանուած են:

Օրհան Փամուկ

CC BY-SA 2.0 / Maka Gogaladze / Orhan Pamuk in Tbilisi, 2014Օրհան Փամուկ
Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք գործիչները. ովքե՞ր են անոնք - Sputnik Արմենիա
Օրհան Փամուկ

Եւս մէկ յայտնի թուրք գրող, որ 2006-ին արժանացած է գրականութեան Նոպելեան մրցանակի: Հայոց ցեղասպանութեան եւ քրտական հարցի վերաբերեալ Օրհան Փամուկն արտայայտած է դիրքորոշումներ, որոնք կը հակասեն թրքական իշխանութիւններու մօտեցումներուն: Ան ժամանակին գործածած է ցեղասպանութիւն բառը: Սակայն վերջին տարիներուն, տարբեր հարցազրոյցներու ժամանակ, չնայած ուղղակիօրէն տրուող հարցերուն, կը խուսափի նշել նոյնը: Փամուկ ներկայիս հաստատուած է ԱՄՆ: Յայտնի է, որ անցեալին ան իր հայեացքներուն համար թրքական իշխանութիւններուն կողմէ ենթարկուած է հետապնդման:

Ինչ խօսք, ներկայացուածն ամենեւին ալ ամբողջական ցանկը կամ շարքը չէ մեր կամ նոր ժամանակներու այն թուրք գործիչներուն, թրքական հասարակայնութեան ներկայացուցիչներուն, որոնք կ’ընդունին Հայոց ցեղասպանութեան փաստը կամ կը դատապարտեն թրքական իշխանութիւններու ժխտողականութիւնը: Արժէ նաեւ նկատել, որ եթէ տասնամեակներ առաջ թրքական մտաւորական շրջանակին մէջ նման դրսեւորումները խիստ եզակի էին, եթէ ոչ հատուկենտ, ապա վերջին տասնամեակին իրողութեան հետ առերեսուիլ ձգտողները նկատելիօրէն շատցած են: Ատոր տարբեր հանգամանքներ նպաստած են. Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, «Ներեցէք մեզի, հայեր » արշաւները, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին հետ կապուած միջազգային ընդգրկման իրադարձութիւնները, նաեւ թուարկուած ու չնշուած մտաւորականներու, գիտնականներու, գրողներու գործունէութիւնը:

Լրահոս
0