00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
09:30
6 ր
Ուղիղ եթեր
09:37
23 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
10:08
32 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
9 ր
Աբովյան time
On air
18:27
33 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
09:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
09:30
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:35
24 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
10:06
54 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Հալէպը ուրիշ է հիմա, ես քեզ այսպէս աւելի սիրեցի. հալէպահայ

© Venus Studio Киликийский Католикос Армянской Апостольской церкви Арам I Кешишян у развалин церкви в Алеппо
Киликийский Католикос Армянской Апостольской церкви Арам I Кешишян у развалин церкви в Алеппо - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Ծաղկազարդ չէի տօնած այս հենքով, «Մեծ Զատիկ» չէի «վառած» այս մոմով եւ Ապրիլ 24 չէի ապրած այս տենդով, ինչպէս որ եղաւ այս 28 օրուան մէջ:

ԵՐԵՒԱՆ, 4 մայիսի - Sputnik. «Հալէպը ուրիշ է հիմա, Հալէպը տարբեր ակնոցով կը դիտուի ներկայիս եւ շարքը կրնամ երկարել տարբերակումներու կամ բաղդատականներու գայթակղիչ ոճին, բայց այս գրութեամբ կ’ուզեմ քիչ մը խօսիլ «նոր Հալէպի» եւ ինծի ծանօթ դէմքերու մասին, կարծեմ տեսակ մը փորձելով, կարօտի եւ մօտիկութեան մը մարմաջէն նետուած, լարի վերածել այս գիրը՝ ինծի համար վերանորոգուող կապեր հիւսելով», կը գրէ հալէպահայ բանաստեղծ Տիգրան Գաբոյեան «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած, «Ծաղկազարդ, «Մեծ Զատիկ» եւ 24 Ապրիլ՝ Հալէպի մէջ» վերնագրով յօդուածին մէջ, որ ամբողջութեամբ կրնաք կարդալ այստեղ:

Хосе Антонио Гурриаран - Sputnik Արմենիա
Ծանր է, երբ Կուռիարանի նման բարեկամ մը կը հեռանայ… կրկնակի ծանր, որ կը հեռանայ աննկատ

Հեղինակը դիմելով Հալէպ քաղաքին ու մանաւանդ ընկերներուն կը գրէ՝

Հալէպ ու մանաւանդ ընկերներ…(հոս ընկերները քաղաքն է ինքնին եւ միշտ մարդկային անժամանակ ձգտում կայ դէմքերու, անձնաւորութիւններու կերպարներով, որոնք ինքնին ընկերութեան եւ ընկերաբանութեան հիմնական շարժիչներն են, կազմել, կառուցել, դիմագծել քաղաքները, տեղերը ու լայն գիծով մշակոյթները նոյնիսկ, տեւական նորոգուած ու իտիալականացած տեսնելով անոնց միջոցաւ ամէն ինչ, որ կրնայ կեանքի այսպէս կոչուած համտեսում կոչուիլ):

Հազար ու մէկ յիշատակի, դէպքի-դէմքի, պատահարի, սպասումներու պատկանած յուշերու վերաքաղներու, իրականացած ու չիրականացած ծրագրերու, մեծ ու փոքր ցնցումներու կողքին, այսօր նոր կարօտ կայ մէջս ձեզի հանդէպ:

Կարօտ պատանեկութեան, մանկութեան, համընդհանուր երազանքի մը, որմէ չեմ հիասթափուած երբեք, եւ որ չեմ ալ կրնար փարատել որեէ հանգամանքով:

Последствия артобстрелов Африна в Сирии - Sputnik Արմենիա
Աֆրին մնացած վերջին հայն ալ ստիպուած եղած Է գաղթելու

Կարօտ իսլամ-քրիստոնեայ հակասութիւններուն, կարօտ մեծ մօրս բերած առաւօտեան հացերուն եւ ինծի լոգցնելներուն՝ կէսօրուան ժամուն, նոյն մեր հին տան բակը, ամրան արեւին լոյսէն տաքցած ջուրով:

Կարօտ Անդրանիկ Ծառուկեանի ժամանակին, որ չեմ ապրած, բայց որուն կրողն եմ ինքնահոս առաքինութեան-առաքելութեան մը գունաւորումներով, երազայինի սահամաններու գծումի խոյանքներով եւ առօրեան վերատեղաւորելով անոր չեղած ու չեկած կերպարանքին մէջ:

Կարօտ «Մեծ Զատիկի» տողանցքներուն եւ գայլիկ-սկաուտ տարազաւորման, կարօտ նոյնիսկ ներհայկական վէճին, Սփիւռքը ձեւով մը ապրեցնող:

Ծաղկազարդ չէի տօնած այս հենքով, «Մեծ Զատիկ» չէի «վառած» այս մոմով եւ Ապրիլ 24 չէի ապրած այս տենդով, ինչպէս որ եղաւ այս 28 օրուան մէջ:

Յիշատակելի պիտի ըլլայ ամէն ինչ, բայց ոչ հանգրուանային, եւ կարծեմ հոն է ամենամխիթարիչ ուժը կեանքին, որ կը կոչուի մշտական վերապրում կամ մշտական վերադարձ, ինչքան ալ անմիջականօրէն չիրագործուի այդ մէկը:

Այո՛, Հալէպ՝ կարօտցած էի քեզի չսիրած իմ նայուածքովս ալ, հին ու սուր իմ մէկ բանաստեղծութեամբն ալ, առաջին սիրոյ երգերուն հետ ալ, որոնք կ’երգուին-կը լսուին ներսիդիս եւ դուրսս դեռ՝ Քայլի Մինոքի, Ճէյսըն Տօնավանի կամ մահացած Թոմի Փէյճի սերունդ ներկայացնելու եզրակացութիւններով, «արեւմտեան» ջանքով կամ հիմա այս բաց աշխարհով:

Ситуация в Алеппо - Sputnik Արմենիա
Հալէպի հայերը կը վերադառնան խաղաղ կեանքին. ՀՀ դեսպանը` Սուրիոյ իրավիճակի մասին

Ես սիրեցի նոր սերունդը ՀԵԸ-ի կեդրոնին եւ Սպիտակ Քաֆէին, իր մաքուր եւ երաժշտալից հայերէնով, սիրեցի ոչ ճոխ, բայց գեղեցիկ հագուածքը անոր, եկեղեցիներուն մէջ՝ Ծաղկազարդին եւ «Մեծ Զատկին», սիրեցի մանուկները շատ-շատ աւելի քան կը սիրէի եւ եւ ուրախացայ, որ այդ մէկը ոչ մէկ արդարացումով կը տարուի կամ պատճառներ կը փնըտռէ իմ մէջս իր սիրոյ երգը երգելու:

Այո՛, Ապրիլ 24-ի դասերը շատ են եւ արծարծելի տեւաբար հայկական պետականութեան եւ ետքը կուսակցութիւններու մակարդակով ու առաջին բանաստեղծութիւններէս Ապրիլ 23-ի գիշերը գրուած «Այսօր հոգւոյս տխուր կանչն է կրկին…» անգամ մը եւս կը յառնի ինքն իրեն, Հալէպի մէջ, այս անգամ Վիլլաներ թաղամասէն նայելով ինծի ու հետս կանգնածներուն դէմքերուն:

Լրահոս
0